«Ասպարեզ». Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ձեռնարկած է «Գիտակ» ծրագիրին։
«Գիտակ»-ին նպատակը դպրոցական կեանքին ընթացքին եւ մեր բնաշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող բներեւոյթները հակիրճ արեւմտահայերէնով ներկայացնելն է։
Իւրաքանչիւր տարիքային խմբաւորումի համար 20 տեսերիզներով կը հանդիպինք պատմական հերոսներու, մարզաշխարհի, բնութեան մէջ հանդիպած անակնկալներու, ցամաքամասերու, օվկիանոսներու, անասուններու եւ այլն։
Մանուկներուն արդէն ծանօթ յղացքները արեւմտահայերէնով ներկայացնելով՝ կը միտինք հայերէնը անոնց կեանքին մէջ դարձնել կայուն մաս մը։
Մանաւանդ արեւմտեան երկիրներու մէջ բնակող հայ ընկերութիւններուն մէջ հայերէնի գործածութիւնը դարձած է սահմանափակ։
Այս տեսերիզներու փունջին պիտի հանդիպինք նաեւ Ո՞Վ Է ԳԻՏԱԿԸ խաղին ընթացքին։ Ո՞Վ Է ԳԻՏԱԿԸ խաղով մասնակցողները ընկերային եւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ պիտի դիտեն տեսերիզները իրենց խումբերով եւ հարցումներուն պատասխանեն։ Խաղի մթնոլորտով, մասնակցողները պիտի լսեն հայերէն, նոր բառամթերք եւ գիտելիքներ ամբարեն եւ ծանօթանան նոր ընկերներու՝ տարբեր շրջաններու մէջ։
(Հաղորդագրութիւնը՝ Արեւելեան Ամերիկայի Համազգայինէն)
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: