Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Դամասկոսի հայ համայնքի իրավիճակը յետ Սուրիոյ իշխանափոխութեան

Դեկտեմբեր 10,2024 20:40

8 Դեկտեմբեր 2024-ի Սուրիոյ իշխանափոխութեան նոր փուլին,Դամասկոսի հայ համայնքի իրավիճակը, համեմատաբար անցնող օրերուն, աւելի ապահով եւ բնականոն ընթացքի մէջ է։

Յաջորդ օրն իսկ կեանքը բնական կերպով շարունակուեցաւ, կենցաղային կարիքներու, ուտելիքի, ջուրի եւ հացի դժուարութիւնները վերացան։
Հայկական վարժարանները երկու օր է ի վեր փակ կը մնան՝ աշակերտութեան ապահովութեան համար, սակայն կը նախատեսուի յառաջիկայ օրերուն դասաւանդութիւնը բնականոն կերպով վերսկսիլ։

Ներկայիս մայրաքաղաքին եւ արուարձաններուն մէջ պարէտային ժամ ճշդուած է երեկոյեան ժամը 5:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00։
«Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութիւնը մօտէն հետաքրքրուեցաւ հայ ընտանիքներու վիճակով, զօրակցութիւն յայտնեց անոնց՝ թելադրելով որ մնան իրենց բնակարանները եւ խուճապի չմատնուին։

Անմիջապէս կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, որուն մաս կազմողներուն անուններն ու հեռաձայնի թիւերը հրապարակուեցան յայտարարութեամբ մը։ Յանձնախումբի անդամներու պարտականութիւնները բաժնուեցան շրջաններուն համեմատ, որպէսզի անոնք կարելի եղած չափով օգտակար հանդիսանան բոլոր հայ ընտանիքներուն՝ որեւէ դժուարութեան պարագային։

Յանձնախումբը օգտակար դարձած է Հալէպէն ժամանած շուրջ 14 ընտանիքներու՝ անոնց կեցութեան վայր եւ բնակարաններ ապահովելով, նաեւ օգտակար դարձած է անոնց, որոնք ուզած են ՀՀ Դեսպանութեան հետ կապուիլ կարճ ժամկէտի մէջ Հայաստան մուտքի արտօնութիւն ստանալու։

Ակումբի դռները ամէնօրեայ դրութեամբ բաց կը պահուին՝ ծառայութիւններ մատուցելու համար ժողովուրդին։

Երէկ, «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչներ մասնակցեցան Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ Գերպ. Տէր Գէորգ Ծյրգ.Վրդ. Պահէեանի հրաւէրով կայացած հանդիպումին, ուր ներկայ եղաւ Փոխանցման Ազգային Խորհուրդի մէկ պատասխանատուն, որուն բացատրուեցաւ քրիստոնեայ թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն մասին եւ պահանջուեցաւ իրմէ կարգադրութեամբ մը հսկել շրջանի ապահովութեան, ինչպէա նաեւ շրջանի բոլոր միութիւններու անդամներուն ու թաղի տղոց հսկողութեան աշխատանքին օժանդակելու պատրաստակամութիւնը յայտնուեցաւ։

Պատասխանատուն խոստացաւ, որ շուտով տհաճ երեւոյթները կը զսպուին եւ երկրորդ հանդիպումին կարելի է այս գծով համաձայնութիւն մը գոյացնել յիշեալ հարցերը լուծելու առնչութեամբ։

Հայ համայնքի զաւակները, որպէս Սուրիոյ լիիրաւ քաղաքացիներ, իրենց կառուցողական աշխատանքներով պիտի շարունակեն նպաստել

Սուրիական Հայրենիքի վերականգնումին եւ բարգաւաճման՝ յանուն յուսատու ապագայի։

 

«Գանձասար»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ    
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031