Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Վերջին շրջանին Լիբանանի իրավիճակն ու այսօր Սուրիոյ անկայուն վիճակը ալեկոծած են մեր կեանքը ազգային դիտանկիւնէ մղուած:
Պայթունային իրավիճակ կը տիրէ Միջին Արեւելքի մեր հայահոծ գաղութներէն ներս, որ յղի է անորոշ ու անկանխատեսելի արդիւնքներով:
Սիրելինե՛ր,
Պատկերացուցէք հայութեան կազմակերպուած կեանքը առանց Պէյրութի (Պուրճ Համուտի) ու Հալէպի, առանց Քեսապի, Այնճարի կամ Նոր Ջուղայի…
Կանգնած ենք ազգային ինքնագիտակցութեան հրամայականի առջեւ եւ փոթորկուած է մեր ազգային կեանքը իր այլազան երեսներով: Կարելի չէ անտարբերութիւն ցուցաբերել ու ձեռնածալ սպասել դէպքերու յարափոփոխ ընթացքին:
Առ այդ կոչ կ’ուղղենք մեր հայրենակիցներուն, թէ համագործակցաբար Հայ Օգնութեան Միութեան ծրագրուած են շարք մը միջոցառումներ, որոնց մասնակցութիւն պիտի բերեն մեր կազմակերպական կառոյցի բոլոր ուղեկից եւ յարակից կազմակերպութիւնները: Այս գծով ձեր բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը կը նկատենք չափազանց կարեւոր:
Ժամանակն է որ տէր կանգնինք մեր ազգային գիտակցութեան պահանջին եւ ունենանք դրական կեցուածք այս յոյժ կարեւոր հարցերուն գծով:
Շատ շուտով այս կատարուելիք միջոցառումներու գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցուին մեր հասարակութեան, մինչ այդ հարկ է որ ըլլանք զգօն ու պատրաստ, որեւէ կատարուած իրողութեան նկատմամբ:
Ամանորեան այս տօնական օրերու նախօրեակին, կը շնորհաւորենք ձեր բոլորի Նոր Տարին ու Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով ամենաբարձրեալէն խաղաղութիւն մեր հայրենիքին ու հայահոծ բոլոր հայկական գաղութներուն:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ