Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հոս սիրելիի մը նուէր տալու փոխարէն, եկէք նուիրատուութիւն մը կատարենք Սուրիոյ կամ Լիբանանի մէջ անծանօթ սիրելիի մը

Դեկտեմբեր 07,2024 23:40

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը՝ Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Հայութեան Մասին

Յառաջիկայ շաբաթներուն, մեր տուները պիտի ջերմանան, սեղանները պիտի լեցուին ծառերը պիտի փայլին եւ սiրտերը պիտի պայծառանան։ Վերջապէս Ս․ Ծնունդի օրերն են, որոնք առիթ կու տան մեր ընտանիքին հետ վայելելու համեղ ճաշեր եւ անցընելու հաճելի պահեր։

Լաւ է, բայց․․․

«Բայց»ը անոր համար է, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր բազմաթիւ քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար այս տարուան Նոր Տարուան եւ Ծնունդի տօնակատարութիւնները շատ տարբեր պիտի ըլլան մեր տօնակատարութիւններէն, որովհետեւ մեր հայրենակիցներէն շատ բաներ խլուած են վերջերս։ Սակայն, կարողութիւնը ունինք իրենց յուսահատութիւնը ուրախութեան վերածելու, ուրեմն՝ եկէ՛ք նուիրենք, բոլորս նուիրենք։

Եկէք աջակցինք անոնց, որոնք նուէրներ չէն խնդրեր, սակայն արժանի են մեր առատաձեռնութեան։ Հոս սիրելիի մը նուէր տալու փոխարէն, եկէք նուիրատուութիւն մը կատարենք Սուրիոյ կամ Լիբանանի մէջ անծանօթ սիրելիի մը։

Կարծես 2020-2023ի Արցախի եւ Հայաստանի իրադարձութիւնները բաւարար չէին, 2024ը Միջին Արեւելքի մեր քոյրերը եւ եղբայրները դրած են աննախանձելի վիճակներու մէջ, որոնք փորձութեան կ՛ենթարկեն հայկական Սփիւռքի նուիրուածութիւնը։

Անգամ մը եւս, շրջանի աշխարհաքաղաքական կացութիւնը կը հակադրուի մեր ազգային շահերուն։ Համաշխարհային եւ շրջանային ուժեր իրենց շահերը յառաջ կը տանին, ի հեճուկս անմեղ քաղաքայիններու, ներառեալ հազարաւոր հայ ընտանիքներու։

Թուրքիա մէկն է այդ ուժերէն, որ դարձեալ ընդարձակուելու իր քաղաքականութիւնը յառաջ կը տանի, բոլորովին անտեսելով մարդկային կեանքերը, ինչպէս ըրած էր Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն եւ Արցախի մէջ, վերջին քանի մը տարիներուն։

Հարցուցէ՛ք ձեր մայրերուն կամ հայրերուն, ինչպէս նաեւ մեծ մայրերուն եւ հայրերուն, որոնք պիտի թարմացնեն ձեր յիշողութիւնը եւ պիտի շեշտեն մեր ուժերուն վստահելու կարեւորութիւնը։

Այս տարի եկէ՛ք մեր առաջին եւ վերջին նուէրը յատկացնենք Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն։ Դժբախտաբար, պատերազմական վիճակ յիշեցնող պայմանները ստեղծած են մարդկային եւ տնտեսական լուրջ տագնապներ, վտանգելով շրջանի մեր համայնքները։

Այս անհաճոյ իրականութեան առջեւ, ամբողջ հայութեան պարտականութիւնն է՝ միաւորուիլ եւ օժանդակութեան ձեռք երկարել Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ մասնակցելով այդ նպատակով տարուող դրամահաւաքներուն։ Կ՛ողջունենք բոլոր անոնց, որոնք այս օրերուն հայ համայնքներուն այդպիսի կենսական աջակցութիւն տեղ հասցնելու նուիրեալ աշխատանքին ձեռնարկած են։

Կը զօրակցինք այս նպատակով ՀՕՄին նախաձեռնած դրամահաւաքին եւ կոչ կ՛ընենք համայնքին, որ՝

1․ Նուիրէ ՀՅԴի կամ ՀՕՄի մասնաճիւղերուն եւ շրջանային մարմիններուն,

2․ Զօրակցի ամերիկեան մարդասիրական աջակցութիւն ապահովելու՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ջանքերուն։

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ    
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031