Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Նշանակել ԵՄ համակարգող` հակաքրիստոնէական ատելութեան դէմ պայքարի համար

Դեկտեմբեր 06,2024 23:55

Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու Յանձնախումբի խորհրդատու Տիար Ալեսսանտրօ Քալքանիոն ելոյթ ունենալով Եւրոխորհրդարանի ծիրէ ներս կայացած «European Prayer Breakfast»ին հաստատեց թէ ժամանակը հասած է նշանակելու ԵՄ համակարգող հակաքրիստոնէական ատելութեան դէմ պայքարի համար

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Ժամանակը հասած է նշանակելու հակաքրիստոնէական ատելութեան դէմ պայքարի ԵՄ համակարգող». Առաջարկն է սա Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու Յանձնախումբին «COMECE» որուն ներկայացուցիչը` Տիար Ալեսսանտրօ Քալքանիոն, անցեալ 4 դեկտեմբերին Պրիւքսէլի Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս ելոյթ ունեցաւ «European Prayer Breakfast»ի 27րդ նստաշրջանին առիթով։ Հաւաք որ սկիզբ առած 1998ին որպէս հանդիպման վայր ուր կը համախմբուին տարբեր ոլորտներու պատասխանատուներն ու ներկայացուցիչները, իրար զիրար քաջալերելու ու յարաբերութիւններ մշակելու որոնք կեդրոնացած են Յիսուսի ու անոր ուսուցումներուն վրայ։

«European Prayer Breakfast»ի 27րդ նստաշրջանը տեղի ունեցաւ ««Կրօնական ազատութեան պաշտպանութիւնը Եւրոպայի մէջ. արդի մարտահրաւէրներ և ապագայ հեռանկարներ» նիւթով համաժողովի ծիրէն ներս եւ այս առթիւ ունեցած իր ելոյթին մէջ է` որ Տիար Քալքանիոն ընդգծեց կրօնական ազատութեան կարեւորութիւնը որպէս հիմնական իրաւունք։

«Շատ յաճախ կրօնական ազատութիւնը կը ներկայացուի որպէս «խնդրայարոյց» իրաւունք, և դրա հաւաքական հարթութիւնը, ի բաղդատութիւն անհատականի, անտեսուած է։ Հանդուրժողականութիւնը չի կարող փոխարինել կրօնական ազատութեան հիմնարար իրաւունքի պաշտպանութիւնը» հաստատեց «COMECE» ներկայացուցիչը աւելցնելով որ կրօնի ազատութեան իրաւունքը, ինչպէս նաև կրօնական խտրականութեան դէմ պայքարի դրոյթները պէտք չէ դիտարկուին որպէս հիմնականին մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու վրայ ազդող դրոյթներ եւ ասկէ մեկնելով անհրաժեշտ նկատեց կոտրել «մեծամասնութիւններն ընդդէմ փոքրամասնութիւններ» հասկացողութիւնը, հուսկ COMECE-ի անունով խնդրեց նշանակել ԵՄ համակարգող՝ հակաքրիստոնէական ատելութեան դեմ պայքարի համար։

«Մենք կը կարծենք, որ այս քայլի ժամանակը եկած է, առանց կասկածի տակ դնելու հրէական և մահմեդական համայնքներու առանձնայատկութիւնները, որոնք արդեն ունին նմանատիպ համակարգողներ», – ըսաւ Ան դիտել տալով ասիկա «ինքզինք զոհ ձեւացնելու կամ զգալու հարց չէ, այլ պաշտպանութեան գործիքներու հաւասար հասանելիութեան հարց է»։ Ան ապա կարեւորեց և կրօնական գրագիտութեան դրական դերը կրօնի ազատութեան խթանումի ու պաշտպանութեան ինչպէս նաեւ կրօնական խտրականութեան դէմ պայքարելու գործին մէջ։

 

Սուրբ Աթոռի տեղեկատուական նոր համակարգ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031