Ս. Մինասի տօնին առիթով, Երեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսական պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, հոգեւորականաց դասուն եւ ժողովուրդի զաւակներուն ներկայութեամբ:
Ս. Խորանին սպասարկեցին՝ Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Շողակաթ» երգչախումբը։
Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, նախ փառք եւ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ հակառակ տիրող պայմաններուն, այս տարի եւս առիթ ընծայեց եկեղեցւոյ մէջ համախմբուելու, Դ. դարու նշանաւոր մարտիրոսներու՝ Սրբոցն Մինասի, Երմոգինէի, Եւգրափոսի, Յովհաննէսի եւ Ալեքսիանոսի տօնը յիշատակելու եւ աղօթք բարձրացնելով անոնց բարեխօսութիւնը խնդրելու, որպէսզի Աստուած ողորմէ մեզի, Իր բարիքներով եւ օրհնութիւններով լիացնէ մեր կեանքը եւ աստուածային հովանին տարածելով մեզ անփորձանք առաջնորդէ:
Սրբազան Հօր քարոզին բնաբանն էր օրուան աւետարանական եւ առաքելական նամակի հատուածները, որոնք կարեւոր երեոյթներու կ’անդրադառնան (Մտ 10.37-42: Փլպ 1.27-2.4): Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ մեր Տէրը, իր շուրջ համախմբուած ժողովուրդին, հաւատացեալներուն եւ առաքեալներուն կ’ուզէ ճշմարտութեան հաղորդ դարձնել, եւ հանդէս կու գայ արտայայտութեամբ մը, որ պատմութեան ընթացքին քրիստոնէութիւնը վարկաբեկողներուն եւ Աւետարանները հեղինակազրկել ուզողներուն կողմէ սխալ մեկնաբանուեցաւ: «Մարդու Որդին չեկաւ, որպէսզի աշխարհի վրայ խաղաղութիւն բերէ, այլ ընդհակառակը, եկաւ որպէսզի սուր բերէ»։ Յիսուս այս արտայայտութեամբ մեզի կը յիշեցնէ, թէ երբ արդարութեամբ, սրբութեամբ, Քրիստոսի հաւատալով փորձենք մեր կեանքը ապրիլ, անպայման թշնամութեան, հակառակութեան եւ հալածանքի պիտի ենթարկուինք, նոյնիսկ առաջին թշնամիները մեր ընտանիքի անդամները կրնան ըլլալ, հետեւաբար, բախում կը ստեղծուի ընտանիքին մէջ: Այս բախումը, որ ի յայտ կու գայ աշխարհիկ զգացումներով առաջնորդուող մարդոց եւ հաւատքով ապրող մարդոց միջեւ, Քրիստոս՝ սուր, հակառակութիւն, թշնամութիւն կը կոչէ: Այլ խօսքով, երբ մարդ աշխարհիկ ցանկութիւններով եւ կիրքերով կլանուած է, եւ իր դիմաց կը գտնուի մէկը, որ մաքրամաքուր կենցաղով կ’ապրի եւ հաւատացեալ է, բնականաբար բախում պիտի ստեղծուի իրենց միջեւ: Քրիստոս կոչուած է խաղաղութեան իշխան, ինչպէս Եսայի մարգարէն Քրիստոսի ծնունդէն 700 տարի առաջ յիշած է, առիթով մը նաեւ Քրիստոս կ’ըսէ. «Ես իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ կը տարբերի աշխարհի խաղաղութենէն»: Թէեւ Քրիստոս Ինքզինք իբրեւ աշխարհի խաղաղութիւնը կոչեց, խաղաղութեան տուիչն էր եւ խաղաղութեան իշխանն էր, այդ խաղաղութիւնը սակայն մեր սրտերուն մէջ պիտի հաստատուի, թէկուզ աշխարհը մեզ ալեկոծէ եւ արտաքնապէս փորձէ խռովքի մատնել, բայց ներքնապէս եթէ Քրիստոսը ունինք, Քրիստոսի խաղաղութեամբ կրնանք մենք պայքարիլ այդ հալածանքներուն եւ հակառակութիւններուն դիմաց։ Հետեւաբար, աստուածային խաղաղութիւնը կը տարբերի աշխարհին տուած խաղաղութենէն եւ ճշմարիտը աստուածային խաղաղութիւնն է, որուն պէտք է փափաքինք եւ զայն պէտք է ունենանք, որպէսզի կարողանանք ճշմարիտ խաղաղութիւնը ապրիլ եւ ապրեցնել։
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կը վկայէ, թէ քրիստոնէութիւնը իր ծննդեան օրէն մինչեւ այսօր հալածական վիճակի մէջ եղած է եւ քրիստոնեայ հաւատացեալը ամէն ճակատներու վրայ պատրաստ պէտք է ըլլայ հոգեւոր պատերազմ մղելու չարին, մեղքին, կիրքին, ցանկութեան եւ անհաւատ մարդոց դէմ, որոնք տրամադրութիւն ունին քրիստոնեային հաւատքի կեանքը խաթարելու եւ անոր անունը արատաւորելու միջավայրին մէջ: Ահաւասիկ այն թշնամութիւնը եւ սուրը, որ պէտք է դիմագրաւենք որպէս քրիստոնեայ, բայց երանի անոր որ մինչեւ վերջ իր հաւատքը կը պահէ եւ չի տկարանար, որովհետեւ աշխարհը իր հրապոյրներով այնքան քաշողական է, որ եթէ հաւատքի կեանքին մէջ կառչած չմնայ, հայեացքը դէպի Քրիստոս չուղղէ եւ Ս. Հոգիով չառաջնորդուի՝ շատ դիւրաւ գետնաքարշ կը դառնայ:
Սրբազան Հայրը անդրադառնալով այսօրուան աշխարհի բարոյազրկումին, յայտնեց, թէ աշխարհի ղեկավարները նիւթական փառքի, պատիւի, զօրութեան եւ ոյժի ապահովման կը ձգտին եւ զԱստուած մոռնալով չեն հետաքրքրուիր իրենց առաքելութեամբ եւ կոչումով: Ատոր համար ամբողջ աշխարհը, Միջին Արեւելքը, մեր երկիրը եւ տարածաշրջանը ալեկոծումի, խռովքի եւ անորոշ վիճակի մէջ կը յայտնուի, որովհետեւ քրիստոնեաներս չենք ապրիր այն սկզբունքներով, որոնք Աստուած պատուիրած է: Հետեւաբար, Սրբազան Հայրը մատնանշեց առաքելական նամակին մէջ յիշուած հետեւեալ գեղեցիկ ակնարկութիւնները.-
· Աւետարանին վայել ձեւով ապրեցէք:
· Աւետարանի հաւատքին համար պայքարեցէք:
· Աստուած ոչ միայն Քրիստոսի հաւատալու շնորհքը տուած է մեզի, այլ նաեւ Անոր համար չարչարուելու շնորհքը։
Հետեւաբար, եթէ մենք Աւետարանին թելադրածին հիման վրայ եւ աստուածային պատուիրաններուն համաձայն գործենք, որքան որ ալ դիմագրաւենք դժուարութիւններ, նեղութիւններ եւ հալածանքներ, որոնք անխուսափելի են, սակայն Աստուծմէ մեզի տրուած շնորհքը մեզ պիտի զօրացնէ, որպէսզի կարողանանք այդ բոլորը դիւրութեամբ տանիլ, դիմագրաւել եւ յաղթահարել։ Հետեւաբար, փախուստ չենք կրնար տալ, հաւատացեալը կուրծք կը պարզէ, կը դիմագրաւէ եւ յաղթական դուրս կու գայ, բայց եթէ այդ շնորհքը չունիս՝ կ՚իյնաս, կ՚ընկճուիս եւ կը խորտակուիս։
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները իրենց կեանքին մէջ առաջնահերթութիւնները ճշդելու, ընտանեկան զգացական կապէն առաջ եւ վեր հոգեկան եւ աստուածային ճշմարտութեան կապը սիրով բոցավառելու, որպէսզի զգան Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ երբեք չսասանին:
Անդրադառնալով ներկայիս տիրող անորոշութեան նուրբ իրավիճակին, Մակար Սրբազան պատուիրեց զգոյշ ըլլալ, որովհետեւ անցողական հանգրուանի մէջ կը գտնուինք: Ան ժողովուրդին յոյս յայտնեց, որ լաւ պիտի ըլլանք եւ մեզի վնաս պիտի չհասնի: Սրբազան Հայրը գօտեպնդեց ժողովուրդի զաւակները, վախի ազդեցութենէն դուրս գալու եւ ինչպէս որ յայտարարուած է, որեւէ բանի կարիք ունենալու պարագային հեռաձայնելու նշուած թիւերուն եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ պիտի հասնինք բոլորին:
Սրբազան Հայրը Վեհափառ Հայրապետին զօրակցութիւնը յայտնեց հալէպահայութեան: Ան հաստատեց, թէ Վեհափառ Հայրապետը շարունակ մօտէն կը հետաքրքրուի տիրող իրավիճակով եւ յառաջիկայ օրերուն Ազգ. Իշխանութիւնը գործի պիտի լծէ՝ բոլոր հայ ընտանիքներուն անխտիր նիւթապէս օժանդակելու:
Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, Աստուածամօր գլխաւորութեամբ Ս. Մինասին ու բոլոր սուրբերուն բարեխօսութիւնը խնդրեց, որպէսզի Աստուած պաշտպան հանդիսանայ բոլորին եւ օգնէ սգաւորներուն, առանձին ապրողներուն եւ հիւանդներուն:
Պատարագի աւարտին Ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ: Հաւատացեալները աղօթելով եւ օրհնուած ջուր ստանալով վերադարձան իրենց տուները:
«Գանձասար»