ՍԻՐՈՅ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրական ջերմ սիրով կʼողջունենք Հալէպի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:
Դարձեալ տագնապի մէջ է Հալէպը: Անցնող տասնամեակներու ընթացքին զանազան տագնապներ հարուածեցին Միջին Արեւելքի մշակոյթներու, կրօններու ու ազգերու համակեցութեան այս պատմական քաղաքը: Հալէպի հայութիւնը եւս ապրեցաւ բոլոր տագնապներուն ծանր հետեւանքները:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մայր էջին վրայ միշտ կեդրոնական ներկայութիւն դարձած է Հալէպը՝ տնտեսական, մշակութային, կրօնական ու ազգային իմաստով: Իր եկեղեցիներով, մշակութային, կրթական ու ընկերային կեդրոններով եւ իր հայաբոյր մթնոլորտով Հալէպը եղած է ճառագայթող ներկայութիւն յատկապէս Սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս: Ղեկավարներ, ուսուցիչներ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ ու հասարակական գործիչներ, Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ Երեւան, եւրոպական ոստաններէն սկսեալ մինչեւ ատլանտեանի ափերը, իրենց խոր արմատները ունին Հալէպի մէջ:
Կարդացեք նաև
Այսօր, տագնապի մէջ գտնուող Հալէպի հայութիւնը առանձին չէ: Մենք բոլորս իր կողքին ենք՝ աղօթքի, սիրոյ ու զօրակցութեան ճամբով: Հալէպը մեր ժողովուրդին համար անցեալ չէ՝ իր փառքի օրերով, իր կարեւոր իրագործումներով ու առանցքային դերակատարութեամբ: Հալէպը միշտ պիտի մնայ ներկայ ու նաեւ՝ ապագայ: Ազգի մը հզօրութեան աղբիւրը իր հաւաքական հաւա՛տքն է, տագնապները դիմագրաւելու իր հաւաքական կա՛մքն է, եւ ապագան կերտելու իր հաւաքական յո՛յսն է:
Այսպէ՛ս կը հաւատայ Հալէպի հայութիւնը: Մենք այսպէ՛ս տեսանք ու վկայեցինք, երբ շուրջ տասը տարիներ առաջ, տագնապի օրերուն այցելեցինք Հալէպ ու եղանք մեր ժողովուրդին հետ: Այսպէս տեսանք ու վկայեցինք, երբ երկրաշարժի օրերուն մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ միասին քալեցինք Հալէպի հայահոծ փողոցներէն: Յուսահատութիւն ու անորոշութիւն հեռու են Հալէպի հայութեան կեանքէն:
Մենք միշտ եղած ենք ու պիտի մնանք Սուրիոյ կողքին: Մենք չենք մոռնար, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակները իր հողերուն վրայ ընդունող առաջին երկիրը եղաւ Սուրիան: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդին կապուածութիւնը Սուրիոյ պէտք է մնայ ամուր:
Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգային Իշխանութեան, մեր համայնքի բարօրութեան աշխատանքներուն լծուած մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն, մեր ժողովուրդին առօրեայ կարիքներուն հասնող մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնք գիշեր ու ցերեկ բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով կը ծառայեն մեր ժողովուրդին: Ջերմօրէն կ՚ողջունենք ներկայ տագնապը միասնական ոգիով ու ճիգով դիմագրաւելու Հալէպի հայութեան ամուր կամքը:
Կ՚աղօթենք, որ Աստուած հեռու պահէ Հալէպի հայութիւնը ամէն տեսակ վտանգներէ: Թող սէրն ու խաղաղութիւնը կամար կապեն Սուրիոյ ժողովուրդի կեանքին վերեւ:
Հայրական ջերմ սիրով,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
02 Դեկտեմբեր 2024
Անթիլիաս