Վատիկան նյուզ. Հալէպի մէջ ներկայ իրավիճակը չափազանց լարուած եւ մտահոգիչ ըլլալով՝ զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ հաստատուած կրակմարի սահմանումով, որ բնակչութիւնը կը ստիպէ իրենց տուներուն մէջ մնալ, Հալէպի բոլոր եկեղեցիներու եպիսկոպոսները, 30 նոյեմբերին, որոշեցին որ պիտի չշարժուին եւ պիտի մնան Սուրիական քաղաքին մէջ մօտիկ կանգնելով իրենց բնակչութեան։
Լատինաց եպիսկոպոսը ապահովուեց, որ ինքն ու իր եօթը եղբայրակիցները կը մնան հալէպի մէջ ու կրօնաւորներն ու օգնութեան կարիք ունեցող անձեր ապահով վիճակի մէջ կը գտնուին, չնայած որ իրավիճակը արագօրէն կը փոխուի։
Սուրիոյ մէջ զինեալ խմբաւորումները, մասնաւորապէս Հայաթ Թահրիր Ալ Շամ իրենց վերահսկողութեան տակ առին Հալէպի օդակայանը, սրելով բնակիչներուն մտավախութիւնները։ Լատինաց եպիսկոպոսը յորդորեց ժողովուրդը մնալու իրենց տուներուն մէջ՝ խուսափելու համար բռնութիւններէն եւ գողութիւններէն։
Հալէպի Մարոնիթներուն արքեպիկոսպոս, գերպ Ժոզէֆ Թոպժի, նկարագրեց յարձակումներու վերջին սրացումը ու հաստատեց, որ այս պահուն քրիստոնեայ հաստատութիւններուն դէմ յարձակումներ չկան։
Կարդացեք նաև
Պատարագի ընթացին Սուրբ Երկրի պահակ, Հայր Փաթոն իր արտասանած քարոզին մէջ ընդգծեց Սուրբ Ծննդեան տօնին սպասումի այս շրջանին մէջ յոյսը վառ պահելու կարեւորութիւնը, յորդորելով հաւատացեալները հսկելու աղօթելով, ապա մէջբերեց Կազայէն գաղթած եւ Սուրբ Ընտանիքի ժողովրդապետութեան հասարակութեան մէջ ընդունուած գաղթականներէն մին Սոհէլ Ապտօ Տավուտի վկայութիւնը։ Յիշենք, որ Ֆրանչիսկոս Պապ գրեթէ ամէն օր կապ կը պահէ եւ իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ Կազայի հասարակութեան։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: