Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տէր Պետրոս Արք.Միրիաթեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ մեթր Մարիա Գաբրիէլեանի եւ պր.Ապտօ Մուսալլիի հետ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ Ս.Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Բարեսիրական Մարմնի ատենապետ Ժան Պապլանեան:
Երեսփոխանները թեմակալ առաջնորդին հետ զրուցեցին երկրի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, մանաւանդ անցնող օրերուն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Հալէպի սպառնացող վտանգին եւ նահանգի գաւառներուն մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն շուրջ:
Երեսփոխանները հակիրճ ձեւով տեղեկանք հաղորդեցին անցնող շաբաթներուն խորհրդարանի կողմէ վաւերացուած կարեւորագոյն օրինագիծերուն շուրջ` ընդգծելով երկրի սահմանադրական յօդուածներու արտացոլումը ընդունուած որոշումներուն մէջ:
Գերապայծառը յորդորեց երեսփոխանները եւ խրախուսեց զանոնք երկրի ապրած ծանր պայմաններուն մէջ ժողովուրդին ծառայող նախագիծեր ի կատար ածելու:
Սրբազան հայրը աղօթեց առ Բարձեալն Աստուած երկրի խաղաղութեան, ապահովութեան եւ անդորրութեան հաստատման համար:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Գանձասար» թերթի այս համարում