Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, համագործակցութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղին, նախաձեռնութեամբ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան Կրթանպաստ ծրագրի յանձնախումբին, նախագահութեամբ տիկին Արշօ Պոյաճեանի, Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Ամերիկայի միացեալ Նահանգներէն յատկապէս այս առթիւ ժամանած «Զուլալ» Աքափելլայ եռեակի բացառիկ ելոյթը՝ ի նպաստ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան Կրթանպաստ ծրագրին, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ուհիներու, բարերարներու, երաժշտասէր հանրութեան, ուսանողներու եւ երիտասարդներու հոծ բազմութեան մը:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկան ՀՕՄ-ի Կրթանպաստ ծրագրի յանձնախումբի անդամներ Թամար Շամլեան Նահապետեան (հայերէնով) եւ Զարեհ Մկրտիչեան (ֆրանսերէնով): Նահապետեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Իրենց հրեշտակային եւ բացառիկ ձայնով, «Զուլալ» եռեակի երեք երգչուհիները՝ Թենի Ափելեանը, Անայիս Ալեքսանդրա Թեքերեանը եւ Երազ Մարգարեանը, պիտի խանդավառեն ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան Կրթանպաստ ծրագրին ի նպաստ կազմակերպուած այս իւրայատուկ երեկոն»: Իսկ Մկրտիչեան անդրադառնալով նշեալ նպաստէն օգտուող ուսանողներուն՝ ըսաւ. «Համալսարանի առաջին տարին աւարտած աւելի քան 170 ուսանող արդէն օգտուած են այս ծրագիրէն։ Մեր նպատակն է շարունակել այս էական նախաձեռնութիւնը, որ ձեռնտու է շատ մը ուսանողներու համար, ոչ միայն այստեղ՝ Գանատայի մէջ, այլեւ Հայաստանի մէջ եւս»:
Անկէ ետք «Զուլալ» եռեակը իր ելոյթով փոխադրեց ներկաները դէպի Պատմական Հայաստանի գիւղերը, ուր պարող ոտքերուն տակ հողը փոշիացած կը բարձրանայ, ուր կարմիր խնձորը կը խորհրդանշէ հարսանեկան աւանդոյթները, եւ ուր երգի միջոցաւ կը գտնենք հոգիի խաղաղութիւն ու մխիթարութիւն:
Նշենք, որ «Զուլալ» եռեակը հայկական ժողովրդական երգերու բծախնդիր վերամշակմամբ ելոյթ ունեցած է համաշխարհային յայտնի բեմերու վրայ եւ կը պատրաստէ նաեւ ֆիլմերու եւ թատերական ներկայացումներու երաժշտութիւնները:
Կարդացեք նաև
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: