«Ազդակ». Հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու եւ Պեքայի բնակիչները զինադադարի համաձայնութեան յայտարարութենէն եւ մասնաւորաբար ուժի մէջ մտնելէն ետք սկսան վերադառնալ իրենց բնակավայրերը:
Զանգուածային վերադարձի պատճառով Սայտայի մայրուղիի դէպի հարաւ տանող ճամբուն, Պեքայի միջազգային մայրուղիին եւ Հարաւային արուարձաններու մուտքերուն վրայ խճողումներ ստեղծուեցան:
Ի տես անոնց շարժումին, իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն կոչ ուղղեց` «չուղղուելու դէպի գիւղեր, որոնց դատարկումը պահանջեցինք, կամ մեր ուժերուն ուղղութեամբ»:
Ան նշեց. «Ձեզ տեղեակ պիտի պահենք ձեր տուներ անվտանգ տունդարձի ժամկէտէն»:
Կարդացեք նաև
Լիբանանեան բանակը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ զինադադարին ուժի մէջ մտնելէն ետք աշխատանք կը տանի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայման անհրաժեշտ քայլերը որդեգրելու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ծիրին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ համագործակցութեամբ գործադրելու իր առաքելութիւնը:
Լիբանանեան բանակը քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` չշտապելու ուղղուիլ առաջնագիծի գիւղեր եւ գիւղաքաղաքներ, ուր ներթափանցած են իսրայէլեան ուժերը` սպասելով զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ անոնց հեռացման:
Բանակը շեշտեց շրջաններուն մէջ տարածուած բանակայիններու ցուցմունքներուն հետեւելու կարեւորութիւնը: