Յարութ Չէքիճեան այս անդրադարձը գրած է, ի պատասխան Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի 71-րդ առցանց լսարանին, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14-ին եւ դասախօսեց հակամարտութիւններու կարգաւորման մասնագէտ, «Քարթըր» կեդրոնի նախկին տնօրէն դոկտ. Հրայր Պալեան, նիւթ ունենալով․- «Արցախեան բանակցութիւննեուն ձախողութեան պատճառները. ի՞նչ կարելի է ընել այսօր»:
Լսարանին նիւթն էր. «Արցախեան բանակցութիւններուն ձախողութեան պատճառները. ի՞նչ կարելի է ընել այսօր»: Ըլլա՛յ այս լսարանին եւ ընդհանրապէս Արցախի մասին հետեւեալ արմատական հարցումներուն գոհացուցիչ, կամ՝ այլ կերպ, պատասխան չէ տրուած եւ այս տարրական՝ հիմնական հարցումնե՛րն ալ չեն հարցուիր.
Ինչո՞ւ 1994-ին իբրեւ յաղթական կողմ, Հայաստանն ու Արցախը անձնատուր եղած՝ պարտուած Ատրպէյճանին անձնատուութեան դաշինք՝ «կապիտուլացիա» չպարտադրեցին հայկական կողմին պայմաններով, գլխաւորը՝ Արցախի անկախութեան ճանաչումը: Այն ինչ որ 9 նոյեմբեր 2000-ին Ատրպէյճանը պարտադրեց Հայաստանին, ինչո՞ւ մենք նոյնը չ՚ըրինք… Պատերազմը իր տրամաբանական ու վերջնական աւարտին չհասցուցի՛նք, յաղթանակին պտուղը չքաղեցի՛նք: Ինչո՞ւ: Այլ խօսքով՝ մեզի բանակցութիւն պէտք չէ՛ր:
Փաստօրէն, այս հարցումս կը հիմնաւորէ Լիւքսամպուրկը ներկայացնող Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան՝ Ֆրանք Էնկել, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, 13 Ապրիլ 2016-ին, երբ պարզ ու յստակ ան կը հաստատէ. «Արցախը Ատրպէյճանին մաս չէ կազմած եւ երբեք ալ մաս պիտի չկազմէ: Եթէ դուն նախայարձակ պատերազմի կը ձեռնարկես ու կը պարտուիս, կարելի չէ վերադառնալ նախապէս տիրող կարգավիճակին, այլապէս Քալինինկրատը (Պալթեան ծովու եզերքին, այժմ` Ռուսական Դաշնութեան մաս կազմող ու Ռուսիոյ հետ սահման չունեցող, նախապէս Պրուսիա-Գերմանիոյ պատկանող շրջան*) մինչեւ հիմա Քէօնիքսպերկ (նախկին անունը*) կը կոչուէր… «Ներկայ կացութեան մէջ ամէնէն ակներեւ քայլը պիտի ըլլայ Արցախի անկախութեան ճանաչումը» (1):
Կարդացեք նաև
Ի՞նչ եղաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ» կարգավիճակին, քանի որ նոյն ենթահողով, Նախիջեւանը՝ տակաւին «Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւն» կը կոչուի… Այս հարցումը հարցուցի լսարանին եւ Պալեանը պատասխանեց, թէ՝ Ատրպէյճանը 1990-ին ջնջեց կարգավիճակը… Միթէ միակողմանի որոշումով կարելի՞ է քարտէս փոխել: Ո՞վ ընդունեց այս որոշումը… Ինչո՞ւ Մինսքի խումբը Արցախի հարցով զբաղեցաւ, եթէ արդէն Ատրպէյճանին մաս կը կազմէր… Վերջապէս, ինչո՞ւ Ատրպէյճանը Նախիջեւանը իբրեւ Ատրպէյճանի մաս չճանչնար տակաւին եւ կ՚ուզէ Զանգեզուրը գրաւել, որպէսզի ցամաքով կապուի Նախիջեւանին… Չեմ կարծեր որ Ռուսիոյ դաշնութիւնը, կը համաձայնի(էր), ինքնավար մարզերու կարգավիճակի փոփոխութեան, քանի որ ինքն ալ ինքնավար՝ 5 մարզեր եւ 6 գաւառներ ունի:
Բոլոր այս «ճանաչումները» տեղական կամ միջազգային ի՞նչ օրէնքի կը հետեւին: Ինչո՞ւ Փաշինեանին հրապարակաւ արտասանած «Արցախը Հայաստան է եւ Վերջ»-ը չընդունուիր, սակայն նոյն անձին «Արցախը Ատրպէյճանի մաս է»-ն կ՚ընդունուի…
Յարութ Չէքիճեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: