Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Չվախնանք Արցախը Հայաստան է ըսելու։ Եթէ չըսենք այդ բոլորը, մենք անտեսած կ’ըլլանք մեր հերոսներուն թափած արեան արժէքը»

Նոյեմբեր 15,2024 23:35

Լսել նյութի աուդիո տարբերակը

Ձայնագրությունը գեներացված է Armenian Text to Speech արհեստական բանականության միջոցով, որն այս պահին գտնվում է թեստավորման փուլում

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, միութեան միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնէն, ներկայութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ Կիրօ Մանոյեանի, Արսէն Համբարձումեանի, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, ինչպէս նաեւ միջ-դիւանական խորհրդաժողովի մասնակից 19 շրջաններէ 42 մասնակիցներու։

Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն հասնելով, մասնակիցները ուղղուեցան Եռաբլուրի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան Դադիվանքի վանահայր Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեանի կողմէ։

Յովհաննէս Քհնյ. կարճ խօսքով մը յայտնեց, որ Եռաբլուրը նաեւ հերոսաբլուր է։ Այստեղ կը հանգչին հայրենիքին հանդէպ իրենց պարտքը կատարած հերոսները, որոնց պարտաւոր ենք միշտ յիշել։ Չվախնանք հերոսին հերոս ըսելու, արցախցիին արցախցի ըսելու։ Չվախնանք Արցախը Հայաստան է ըսելու։ Եթէ չըսենք այդ բոլորը, մենք անտեսած կ’ըլլանք մեր հերոսներուն թափած արեան արժէքը։

Շարունակելով, Յովհաննէս Քհնյ. ըսաւ. «Միանանք, զօրանանք եւ չհամակերպինք այս իրավիճակին հետ, այլ՝ պայքարինք, որպէսզի հասնինք մեր նպատակին։ Ոտքի կանգնինք եւ դառնանք հպարտ հայեր, ոչ թէ ծնկաչոք հայեր, այլ՝ գլուխը բարձր հպարտ հայեր, որպէսզի աշխարհին ապացուցենք, որ մենք իսկապէս հզօր ազգ ենք։ Եկէք անձերու չվերագրենք Հայաստանը։ Հայաստանը ամբողջութեամբ Հայաստան է։ Հայաստանը մեզմով Հայաստան է եւ մենք պարտաւոր ենք մեր պատիւը, մեր քաջութիւնը փոխանցել գալիք սերունդներուն»։

Քահանայ հօր խօսքին յաջորդեց հոգեհանգստեան աղօթք, որմէ ետք ներկաները դրօշակակիրներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան Եռաբլուրի նահատակաց յուշապատ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ատենապետ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան։

Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը արտասանեց խորհրդաժողովի բացման խօսքը՝ ըսելով. «Երբ Եռաբլուր ենք՝ հայոց աշխարհի սրբագոյն վայրը, պէտք է լուռ մնալ։ Հոս՝ մենք ուխտաւորներս ըսելիք չունինք։ Մենք կրնանք ամփոփուիլ եւ ինքնաքննութիւն ընել, հարց տալով, որ արդեօք մեր նպատակային ուղղութիւնը նո՞յնն է եւ զայն տակաւին միասին կը կտրե՞նք, մենք կենդանի, իսկ իրենք սաւառնող հոգիներ, մեզի հովանի ու պահապան»։

Ապա, հարցումներու շարքը շարունակելով, եղբ. Խաչերեան նշեց. «Հաւատարի՞մ ենք մէկուկէս միլիոն ցեղասպանուած նահատակ ու սրբադասուած մեր զոհերու արեան կանչին։ Պահանջատէ՞ր ենք Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցումին։ Եւ դեռ, ազատ, անկախ, միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի իրագործումին հաւատացող ու ձգտող աննահանջ երդուեալներու կամաւոր բանա՞կ ենք»։ Ու եզրակացնելով, ան հաստատեց. «Եթէ հաստատ ենք մեր ուխտին, եւ մեր նպատակը անփոփոխ կը մնայ, աննենգ ենք սերունդներու կանչին, մեկնարկենք խորհրդաժողովը մեր քայլերգին կատարումով»։

Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին խօսքին աւարտով ներկաները խմբերգեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը։ Ապա, բոլորը լուռ ու յամրաքայլ քայլերով շրջեցան Եռաբլուրի մէջ իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած նահատակներու շիրիմներուն շուրջ եւ ծաղիկներ խոնարհեցին Արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն զոհ գացած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յիշատակին։

ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ

ՆԻՍՏԵՐՈՒՆ ՄԵԿԱՐԿԸ

Միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի նիստերը ընթացք առին Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբերի կէսօրին եւ երկարեցան մինչեւ երեկոյեան ժամը 7-ը, օրակարգի վրայ ունենալով կազմակերպական, սկաուտական, մարզական, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արցախ Հիմնադրամ»ի աշխատանքները։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅՐԵՆԻ

ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ

ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Միջ-դիւանական խորհրդաժողովի մասնակիցներու Երեւան ներկայութենէն օգտուելով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հանրային կապերու մարմինը նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7-ին, ծանօթացման հանդիպում մը կազմակերպեց հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ։ Հանդիպումին ցուցադրուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ անոր հանրային կապերու կառոյցը ծանօթացնող տեսանիւթներ։ Հանրային կապերու մարմնին անունով խօսք առաւ եղբ. Նժդեհ Մկրտիչեան, իսկ Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ՝ եղբ. Վիգէն Աւագեան։

Խօսքերուն յաջորդեցին զրոյցներ՝ հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն Հայաստան ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ական պատասխանատուներուն միջեւ։

 

Aparaj

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930