11 Նոյեմբերին, Պաքուի մէջ պիտի բացուի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի 29-րդ նստաշրջանը, միջազգային բառարանին մէջ ծանօթ՝ COP29-ը, որ պիտի տեւէ 10 օր:
Այո՛, քաղաքակիրթ աշխարհի աչքին տարօրինակ չէ, որ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ: Ա՛յն քաղաքին՝ որուն վարիչներուն ձեռքերուն տակաւին չէ չորցած նորագոյն ցեղասպանութեան ու Արցախի հայաթափման արիւնը, ա՛յն քաղաքին՝ ուր պատանդ կը մնան բազմատասնեան (ճիշդ թիւը յայտնի չէ) հայ գերիներ եւ քաղաքական գործիչներ, ա՛յն մայրաքաղաքին՝ որուն վարիչները աշխարհահռչակ բռնատէրեր են…
Հիմա, գոնէ ըստ պաշտօնական յայտարարութիւններուն՝ յստակ չէ Հայաստանի մասնակցութիւնը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ մասնակցող պատուիրակութիւնը, որովհետեւ Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութիւնը կիսատ-պռատ յայտարարութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Պաքուէն պաշտօնապէս հրաւէրը ստացած է եւ որեւէ խոչընդոտ չի տեսներ բացակայելու:
Արտաքին գործոց նախարարութենէն ծնած նման լուսաբանութիւն զարմանալի չէ նաեւ այլ պատճառներով: Քանի մը օր առաջ, նոյնինքն Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարը ճակատաբաց եւ յանդուգն կերպով յայտարարեց, որ Երեւանի դիտանկիւնէն, կարեւորագոյն առաջնահերթութիւնը՝ Հայաստանի անմիջական խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումն է, այսինքն՝ խաղաղութեան համաձայնագիրը` բաղձալի ցնորք մը, որուն յանկերգը կը լսենք ու կը լսենք 2-3 տարիէ ի վե, ր: Նախարար Միրզոյեան Ազգային Ժողովին առջեւ յստակօրէն հաստատեց, որ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն ու խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան աւարտն ու ստորագրութիւնը կը կատարուի սահմաններու սահմանազատման գործընթացին հետ միաժամանակ: Հոն դժբախտաբար Արցախի հիմնահարց գոյութիւն չունի, ո՛չ ալ հակամարտութիւն:
Կարդացեք նաև
COP29-ի նախօրեակին, Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարը, առանց բառերը ծամծմելու, նաեւ առանց անդրադառնալու, թերեւս ալ լաւ գիտնալով շեշտեց խաղաղութեան խաչմերուկին կարեւորութիւնը եւ նշեց, թէ արտաքին գործոց նախարարութեան համար «պատմութեան ողբերգական դէպքեր»-ն ալ առաջնահերթ չեն: Միրզոյեան խուսափեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը գործածելէ, ինչպէս որ ինք ու ՔՊ-ականները սովորութիւն դարձուցած են Արցախ բառէն երես դարձնելու…:
Զարմանալի պիտի չթուի հայորդիին, եթէ Պաքու գացող (ո՛վ որ ալ ըլլայ գացողը) հայրենի պատուիրակութիւնը… հեծիկով պտոյտի ելլէ Պաքուի փողոցներուն մէջ, համաժողովի նիստերէն առաջ ու ետք:
Հոն դժբախտաբար Արցախի հիմնահարց գոյութիւն չունի, ո՛չ ալ հակամարտութիւն:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: