Մխիթարեան Միաբանութեան մայրավանքին մէջ, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ, 31 Հոկտեբերէն մինչեւ 3 Նոյեմբեր տեղի ունեցաւ եռօրեայ գիտաժողով, նուիրուած Մխիթար Աբբահօր մահուան 275 ամեակին։
Գիտաժողովին՝ Եւրոպայէն, Հայաստանէն, Գանատայէն եւ Պոլիսէն մասնակցեցան հոգեւորական ներկայացուցիչներ եւ մասնագէտներ, որոնք իրենց ներկայացումներով հարստացուցին միջազգային սոյն գիտաժողովը։
Դասախօսներու շարքին մաս կը կազմէին.- Հ. Վահան վրդ․ Օհանեան, Հ. Սերոբ վրդ․ Չամուրլեան, Հ․ Գեղարդ վրդ․ Քիւսպէքեան, Հ․ Յովակիմ վրդ․ Սերովբեան, Հ. Գէորգ աբղ․ Սարգիսեան, Տ․ Արարատ քհն․ Պօղոսեան, Արմէն Մալխասեան, Վահէ Թորոսեան, Սարգիս Մելքոնեան, Միքայէլ Մալխասեան, Ռուբէն Մելիքեան, Փաուլօ Լուքքա, Մարքօ Պայիս, Ռիքքարտօ Փանէ, Մհեր Քումունց, Խաչիկ Յովհաննիսեան, Մայա Գրիգորեան եւ Վահագն Պօղոսեան։
Միջազգային գիտաժողովը նուիրուած էր Աստուածաշունչ Հայկազեանի հայերէն թարգմանութեան, հրատարակութիւններուն եւ ազդեցութեան մասին։
Կարդացեք նաև
Գիտաժողովի տեսական բաժինը աւարտելէ ետք, տեղի ունեցաւ գործնական քննարկում Աստուածաշունի հայերէն թարգմանութեան քննական բնագիրի կազման հարցի շուրջ, որուն իբր արդիւնք ժողովականներու կողմէ որոշուեցաւ մօտ ապագային ձեւաւորել աշխատանքային խումբ, գիտաժողովի ընթացքին բարձրացուցած տեսական եւ գիտական հարցերուն փուլ առ փուլ լուծում տալու համար։
Գիտաժողովի ընթացքին նաեւ հրապարակուեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան նախաձեռնած եւ ԳՀԶԿ ուսանողներու եւ աշխատողներու կողմէ պատրաստուած «Մխիթար» հարթակը։
Մխիթարեան Մայրավանք Սուրբ Ղազար