Համերգը մաս կը կազմէր միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Աբբահօր մահուան 275-ամեակի տօնակատարութիւններուն եւ նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին ու ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան հարիւրամեակին: Հայ եւ օտար ունկնդիրներու հոծ բազմութիւն մը ժամանած էր այս առիթով Սուրբ Ղազար:
Անձրեւոտ աշնանային օր մը, Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը անմոռանալի համերգ մը տուաւ Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքին մէջ, Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ:
Հայր Համազասպ Քէշիշեան` Մխիթարեան վարդապետ, բարի գալուստի խօսքով բացաւ երեկոն` ոգեշնչուած մթնոլորտ մը ստեղծելով, որուն մէջ հայ ժողովուրդի սրբազան երաժշտութիւնը եւ ֆրանսական շանսոնները ներդաշնակ կերպով միաձուլուեցան:
Յայտագիրը բացուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններով, որոնք կը մարմնաւորեն հայկական ժողովրդական ու եկեղեցական երաժշտութեան էութիւնը:
«Վատիկաննյուզ»/«Ազդակ»