Եթէ Թիֆլիս, իր կրաւորական դիրորոշումով կրցած է կացութիւն ստեղծել կամ իր իսկ կացութիւնը փրկել, Երեւանի համար ամէն մէկ նիւթ, օրակարգ եւ նոյնիսկ առաջարկ իր առաջնահերթութիւնը ունի։
Բնականաբար Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միակամօրէն՝ ձեռք-ձեռքի, անգամ մը եւս արծարծեցին Սիւնիքի միջանցքը իրականացնելու ուղղութեամբ յստակ քայլեր առնելու որոշումն ու կիրարկումը։ Յայտարարութիւնները երկար մեկնաբանութեան չեն կարօտիր: Բացայայտօրէն թրքակա՛ն այս ծրագիրը ներկայ փուլին հաւանաբար այդքան ալ չհետաքրքրէ Մոսկուան եւ նոյնիսկ Թեհրանը, նկատի ունենալով, որ առաջինը կլանուած է Ուքրայինայի պատերազմով, իսկ երկրորդը Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ ստեղծուած պայթուցիկ կացութեամբ։ Այլապէս, նաեւ բացայայտ է, որ անոնց հետաքրքրութիւնը առաւելաբար տնտեսական (շրջագայութիւն) եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունին, ինչ որ լիովին չի համապատասխաներ Հայաստանի շահագրգռութիւններուն (հող, գերիշխանութիւն եւ մասամբ նորին): ․․․Խօսքը կը վերաբերի Հայաստան պետութեան եւ ո՛չ թէ ծանօթ գործակատարութիւնները յանձն առած իշխանական խումբին:
Արեւմուտքն ալ ցնցուած է Միջին Արեւելքի մէջ տիրող «խառնաշփոթ» կացութենէն, սակայն հոն ալ հետաքրքրութեանց կիզակէտը առայժմ ուրիշ տեղ է. Միացեալ Նահանգներու մէջ, նախագահական ընտրարշաւն է, որ աւելի հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ, եւ ոչ ոք հետաքրքրուած է Միջին Արեւելք կամ Ուքրայինա ուղղարկուող ծանր ու քանդիչ ռումբերու մատակարարումով, զոհերու թիւին բազմապատկումով։
Այս ձեւաչափի ժողովին մասնակցողները եղան հիւրը նաեւ կազմակերող երկրի նախագահին, այսինք Էրտողանի, որ Ֆիտանի խօսքերը կրկնեց ու կնքեց, շեշտելով, թէ այս հարթակի երրորդ հանդիպումը նպատակ ունի Հարաւային Կովկասի մէջ հաստատել համագործակցութիւն, կայունութիւն եւ խաղաղութիւն, նաեւ՝ շրջանին տէր ըլլալու ոսկի առիթ մըն է: Ան յայտնապէս ի մտի ունի Կովկասի վրայ Թուրքիոյ տիրութիւնը հաստատելու եւ տարածելու հարցը…
Երբ Հայաստանի շրջակայ տարածաշրջանին մէջ անկայունութիւնը կը հասնի գագաթէ գագաթ, այդ ի՞նչ էր Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ներդրումը։ Յստակ է, թէ հայոց բանակին նման, հայրենի դիւանագիտութիւնն ալ հող կորսնցուցած է եւ այսպիսի ձեւաչափերու դէմ մնացած է անկարող եւ ձեռնածալ, յաւելեալ մտահոգութիւններու դուռ բանալով։ Իսկ աւելի՛ մտահոգիչը այն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը բարձրաճակատ կերպով կ’աշխատի բարեկամ-միջնորդներէ ձերբազատիլ եւ քաջալերանք կը գտնէ Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն։
Իրականութիւնները պարզ աչքով դիտողը գիտէ, կ’ըմբռնէ, թէ նման ձեւաչափեր չեն կրնար փրկութիւն բերել մեր Հայաստանին, այլ արդէն յստակ է, որ Թուրքիա այս շրջագիծը ինչպէ՛ս օգտագործեց ու պիտի շարունակէ օգտագործել՝ իր դերակատարութիւնը աւելի՛ եւս զօրացնելու եւ ընդարձակելու, ի վնաս Հայաստանի եւ հայութեան իր ծրագիրները յառաջ տանելու նպատակով: Հայութեան համար անհրաժեշտ են զուգահեռ բազուկներու՝ բանակին, դիւանագիտութեան ու հայկական բոլոր կարողականութեանց, ներառեալ Սփիւռքի զօրակցութեան վերականգնումն ու հզօրացումը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում