Կիրակի, 20 Հոկտեմբերի երեկոյեան, առաւել քան 700 պաշտօնատարներ, հիւրեր եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ներկայ եղան «Պեվրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկին, որ առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարելու այն անհատները եւ հաստատութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ։ Նաեւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Արցախի հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու կենսական կարեւորութիւնը։
«Այս երեկոն միասնականութեան, դիմադրողականութեան եւ հայութեան արդար իրաւունքները պաշտպանելու՝ մեր բոլորին ջանքերուն նուիրուած է», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան։
Ներկայ պաշտօնատարներուն շարքին էին՝ Քալիֆորնիոյ գանձապետ Ֆիոնա Մա, քոնկրեսականներ Պրետ Շըրմըն, Տինա Թայթըս եւ Աննա Էշու, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Պենճըմըն Էլըն եւ Էնթընի Փորթանթինօ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի պատուոյ նախագահ Փօլ Գրիգորեան եւ խորհուրդի անդամ Ճան Լի։ Ներկայ էր նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան։
Ձեռնարկին ընթացքին, Հայ Դատին՝ «Կեանքի Մը Իրագործումներ» մրցանակը շնորհուեցաւ հայազգի քոնկրեսական Աննա Էշուին, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ Հայկական Հարցին անոր մատուցած երկար տարիներու սպասարկութիւններուն։ Էշու վերջերս յայտարարեց, թէ Ներկայացուցիչներու տան մէջ մօտաւորապէս երեք տասնամեակներ ծառայելէ ետք՝ որոշած է հանգստեան կոչուիլ։ Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 2022ին, Էշու մաս կազմած էր քոնկրեսական այն բարձրաստիճան պատուիրակութեան, որ Ատրպէյճանի նորագոյն յարձակումներուն ենթարկուած Արցախին եւ Հայաստանին նեցուկ կանգնելու նպատակով Երեւան այցելած էր։
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: