Հայկական թերթ մը որպէս լուր հաղորդած էր, որ 2020էն ի վեր Ատրպէյճան 570 հայկական յուշարձաններ քանդած է: Խաղաղութեան ցանկութեամբ, չանհանգստացնող արձանագրութիւն կը պահենք եւ անդին կը նայինք: Որքան լաւ պիտի ըլլար, որ Հայաստան եւ Սփիւռք, թիւերով խօսէինք եւ ըսէինք, թէ ո՞ւր եւ ի՞նչ ըրած ենք, եւ կ’ընենք, որպէսզի յուշարձաններ չքանդուին, անոնց տէր մնանք: Պետութիւն եւ գերաճող Սփիւռք, բազմանուն միութիւններ, կուսակցութիւններ, մշակութային կազմակերպութիւններ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը պաշտպանենք ինքնութեան վկայութիւն հայկական յուշարձանները: Ի՞նչ է թիւը պաշտպանուած յուշարձաններուն:
Պէտք է պատասխանել պարզ հարցումի մը. ինչպէ՞ս կարելի է պահել եւ աւերումէ փրկել հայկական յուշարձանները, անոնց իրապէս տէր ըլլալ եւ տէր մնալ: Թիւեր տալ, աւաղել եւ ասոր կամ անոր դրան առջեւ կանգնիլ եւ լուսաբանութիւններ տալ, անցեալի հաշւոյն ինքնասիրութիւն շոյելու թափահարում են, պաշտպանութիւն չեն: Յաճախ կը յիշեմ Անդրանիկ Ծառուկեանի «թղթէ կապարճ»-ի զայրոյթի խօսքը: Ինչպէ՞ս «թղթէ կապարճ»-ներով յուշարձան պաշտպանել, այդ ալ հազարաւոր մղոններ հեռուէն:
Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ հարց տալ, թէ ինչո՞ւ յուշարձաններ կը քանդեն: Պատասխանը ո՛չ բարոյական է, ո՛չ մշակութային: Այսինքն բան չըսելու համազօր պիտի ըլլայ խօսիլ, գրել եւ աղմկել, հոլովել մշակոյթ, բարոյական: Աւերողին միտքը պէտք է հասկնալ: Աշխարհագրական այն շրջանին մէջ, ուր եղած են այդ 570 յուշարձանները, ներխուժողի քաղաքական (ան)բարոյական տրամաբանութիւնը այն է, որ հոն հայը եւ հայութիւնը տեղ չունին, հետեւաբար պատմամշակութային յուշարձանի կարիք չկայ, հարկ է անհետացնել անոնցմով եկած կամ գալիք յիշողութիւնը, որպէսզի տարբերութիւնները իրաւունք չստեղծեն: Տարբերութիւններ չըլլան: Պարզ. որպէսզի չխոչնդոտուի ընթացքի մէջ եղող փանթիւրքիզմը, անշեղ կերպով հետապնդուող եւ իրականացուող քաղաքականութիւն, որ այսօր հայուն եւ Հայաստանի դէմ ուղղուած է բրտութեամբ, վաղը պիտի ուղղուի նաեւՎրաստանի դէմ, ապա պիտի ուղղուի Ռուսիոյ, Չինաստանի, որպէսզի կամրջուին թրքախօս բոլոր երկիրները, ինչպէս ըսուած է, «թիւրք իրքինին եաշատակը եէրլէր»ը, վայրերը, միացնելու համար, թուրքերու ապրած տարածքները բրտութեամբ, նաեւ կրօնական ազդակի շահագործումով՝ տարածուիլ նաեւ արաբական աշխարհի վրայ, քանի որ հոն եղած է Օսմանի կայսրութինը, եւ հուսկ՝ Եւրոպա, եւ շարունակել, անցնիլ ովկիանոսը: Յիշեցնեն՞նք, որ Էրտողան Գերմանիա հաստատուած թուրքերուն շատ զաւակ բերելու կոչը, որպէսզի իրենց եղած տեղերուն տէր ըլլան:
Այս ալիքին դէմ կանգնելու համար մենք ուժ չենք: Յաճախ նաեւ ներկայ չենք որպէսզի ուժ ըլլանք: Տէր չենք: Եթէ բացակայ եղած չըլլայինք… Զբօսի եւ սպառողական ընկերութիւն դարձած-դարձող Արեւմուտքը կարծէք կորսնցուցած է անմիջական շահերէն եւ մրցակցութիւններէն անդին նայելու իրատեսական ողջահութիւնը: Անոր մէջ, աւելի լաւ ապրելու իրաւունք հետապնդելով, ոգի ի բռին ընդգրկուած ենք նաեւ մենք, հագնելով «համաշխարհային ազգ»ի ոչինչ ծածկող տարազը:
Կարդացեք նաև
Հայկական պատմամշակութային հետքերը թշնամիին համար պատերազմական աւար են: Անոնց վրայ կը ծածանին գրաւող բանակի դրօշները:
Միամիտներ միայն, եւ անմիջական շահերու հետամուտ եղողներ, կրնան խորհիլ, որ ինչ որ պատահած է եւ կը պատահի, մասնակի երեւոյթ է:
Համաշխարհային ցեղապաշտական վերադասաւորումներ ընթացքի մէջ են, որոնք, վաղ թէ ուշ, պիտի առաջնորդեն համամոլորակային պայթումի, որուն բաղդատած երկու համաշխարհայինները միջադէպի պիտի նմանին:
Բայց կրնանք դեռ ԱՀԱԶԱՆԳԵԼ մեր ունեցած բոլոր կարելիութիններով: Այդ ընելով ոչինչ կը կորսնցնենք, թերեւս կը շահինք, առանձին չմնալու համար կ’ունենանք դաշնակիցներ:
Պատահեցա՞ւ որ աւերուած 570 պատմամշակութային յուշարձանները ԻՒԵՆՍՔՕի օրակարգ դառնան, պահանջեցի՞նք որ դառնան: Ի՞նչ ըրինք եւ կ’ընե՞նք, որ ՀԱՐՑը որպէս ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ օրակարգ դարձնենք Միացեալ Ազգերու պոռոտախօս ժողովներուն եւ անոնց հունով գործող միջազգային կոչուած մեծխօսիկ կազմակերպութիւններուն, ինչպէս ԻՒՆԵՍՔՕին:
Հայաստան Պետութեան դիւանագիտական կազմի հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մը, այս կացութեան դիմաց մեր անզօրութեան բացատրութիւնը տուաւ պարզ ձեւով: Ըսաւ, որ «բանակ չունինք»: Բանակ ունէինք: Եւ հիմա ինչո՞ւ չունինք: «Յաղթելու ենք»ի «քաջնազարեան պոռչտուքով բանակ չի պահուիր, Եռաբլուրի դրօշազարդուած յուզման գերեզմանատուն կը ստեղծուի:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում