Ներկայիս աշխարհի մէջ մօտաւորապէս 2800 տարբեր լեզուներ կան: Անոնց մէջ հայերէնը ամէնէն հիներէն մէկն է: Անկասկած մեր ազգային գոյութեան հարցին մէջ հիմնական դեր ունեցած է հայ գիրն ու լեզուն: Ո՛չ ոք կրնայ հերքել պատմական այն իրողութիւնը, որ առանց սեփական այբուբենի գուցէ հայ մշակոյթը դժուար թէ կարենար գոյատեւել, քանի որ ազգի մը ինքնութեան գոյացումին ու պահպանման մէջ բախտորոշ դեր ունի լեզուն:
Գաղթաշխարհի հայութեան մնայուն մղձաւանջը միշտ եղած է, ու կը մնայ, մայրենի լեզուի տակաւ տժգունումն ու կորուստը:
Իրազեկ ենք այն դառն իրողութեան, որ լեզուի մը գոյատեւման համար անհրաժեշտ են հողն ու հայրենիքը: Առանց հողի ու հայրենիքի լեզուն թաղարի մը մէջ մեծցող ծառի մը կը նմանի, որ կարելիութիւն չունի իր արմատները հողին խրելով կենսաւորուելու: Տարաշխարհի հայութեան համար ա՛յս է հարցը:
Կարդացեք նաև
Հայ լեզուին սպառնացող վտանգը սփիւռքահայուն համար բացայայտ է. հարց մը, որ խօսելով, գիտակցելով եւ մտահոգուելով չի դարմանուիր, չի լուծուիր, այլ, որչափ հնարաւոր է, դրական աշխատանքով: Իսկ դրական աշխատանքը կ՛ենթադրէ հայ դպրոցներ հիմնել՝ հայերէն խօսելու, հայերէն գրելու եւ կարդալու համար: Դրական աշխատանքը կը պահանջէ նաեւ հայ տունը իրօք հա՛յ տուն ըլլայ, ուր հայկական մթնոլորտ տիրէ, ուր խօսակցական լեզուն հայերէն ըլլայ, ուր տիրեն հայկական աւանդութիւններն ու բարեմասնութիւնները, ուր հայ լեզուով փոխանցուի հայու ոգին ու հայկական արժէքները:
Հայ ծնողներ կոչում ունին իրենց տուները «փոքրիկ Հայաստան»ի մը վերածելու իրենց զաւակներուն սրտին ու մտքին մէջ հաստատելու համար հայրենի բարքերն ու մայրենի լեզուն:
Եթէ իրօք համոզուած ենք որ հայ լեզուն մեր ազգային գոյութեան ողնասիւնն է եւ հայ մշակոյթի պահպանման ամէնէն զօրեղ միջոցը, այն ատեն հայերէնը պէտք է դառնայ մեր առօրեայ խօսակցական լեզուն մեր տուներուն, վարժարաններուն, հաւաքներուն եւ անմիջական շրջանակներուն մէջ:
Հայոց լեզուի պահպանումը իւրաքանչիւրին ուսերուն վրայ դրուած անյետաձգելի ու առաջնահերթ պարտականութիւն ըլլալու է: Հիմա մե՛րն է կարգը դառնալու ջահակիրը մեզի յանձնուած աւանդին: Ոչ թէ միայն պահել զայն որպէս գանձ անկորնչելի, այլ զայն կեանքի կոչել, մեր զաւակներուն կեանքին մէջ:
Այո՛, թող մեսրոպածին բարբառով հայ գիրը եւ անոր հնչեղ մեր լեզուն խօսիլը ըլլայ մեզի հպարտութիւն ու պատիւ:
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այս համարում