Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«ՀՕՄ-ը միշտ պատնէշի վրայ եղած է մեր ժողովուրդի բոլոր տագնապներուն ընթացքին»

Հոկտեմբեր 18,2024 16:59

«Ապառաժ». ՀՕՄ-ը իր Կեդրոնական եւ շրջանային վարչութիւններով, եւ աշխարհատարած մասնաճիւղերով ու անդամներով միշտ պատնէշի վրայ եղած է մեր ժողովուրդի բոլոր տագնապներուն ընթացքին: Այսօր եւս, ՀՕՄ-ը բազմաբեւեռ գործունէութիւն կ’իրականացնէ ձեռք երկարելու արցախահայութեան, լիբանանահայութեան եւ ուր որ մեր ժողովուրդի զաւակները կարիքը ունին աջակցութեան: Այս առթիւ ՀՕՄ-ի իրականացուցած ծրագիրներուն մասին «Հորիզոն» գլխաւոր խմբագիր զրոյց ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմինէ Կարապետեանի եւ Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեանի հետ, որուն ընթացքին ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչները անդրադարձան վերջին շրջանին ի գործ դրուած նոր ծրագիրներուն:

Խօսելով արցախահայութեան տրամադրուած օժանդակութիւններուն մասին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմինէ Կարապետեան յայտնեց, թէ Արցախահայութեան բռնագաղթէն ետք, ՀՕՄ-ը անմիջապէս փութաց օգնութեան հասնելու մեր արցախցի հայրենակիցներուն եւ իրականացուց աջակցութեան բազմաբեւեռ աշխատանք: «Արցախի բռնագրաւումէն եւ հայաթափումէն ետք, մենք անմիջապէս նախաձեռնեցինք արցախցի տեղահանուած ընտանիքներուն անմիջական պէտքերը հոգալու, յատկապէս սննդեղէնի եւ դեղորայքի ապահովմամբ, այս օժանդակութիւններէն մեր հաշուարկով օգտուած է 35-40 հազար արցախցի: Անկէ ետք ստեղծեցինք նոր ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Յոյսի օճախներ», այս ծրագիրը կը ձեռնարկէ հայկական գիւղերուն մէջ բնակարաններ գնել, նորոգել, կահաւորել եւ տրամադրել տեղահանուած ընտանիքներուն: Այս ծրագիրը այժմ անհրաժեշտ կը համարուի, որովհետեւ ձմեռնամուտ է, եւ կարգ մը ընտանիքներ տակաւին կ’ապրին ծանր պայմաններու մէջ», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Ունինք նաեւ համալսարանի ուսանողներուն աջակցութեան ծրագիրը, որոնց համար կը տրամադրուին կրթաթոշակներ եւ համակարգիչներ, որպէսզի շարունակեն իրենց ուսումը»:

Անդրադառնալով զոհուած զինուորներուն եւ կամաւոր մարտիկներու զաւակներուն յատկացուած օժանդակութեան Կարապետեան յայտնեց, թէ զանոնք հովանաւորելու ծրագիրը վերջերս կը հաշուէ 1700 որբացած երեխաներ, յատկապէս երբ այս ծրագրին միացած են Արցախի պատերազմին, շրջափակման եւ բռնագաղթի ժամանակ իրենց ծնողները կորսնցուցած եւ որբացած երեխաները, որոնցմէ 1100-ը տակաւին հովանաւորներ չունին:

Նոյն նիւթին առնչութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկհ. Փալանճեան կատարեց հետեւեալ հաստատումը: «ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը 1992 թ. սկսեալ միշտ նեցուկ կանգնած է «Զոհուած հերոսներու զաւակներ» ծրագրին եւ մինչեւ երեխային 18 տարեկան դառնալը ստանձնած է անոր խնամակալութիւնը: Մինչեւ օրս մեր շրջանի կողմէ հովանաւորուած են աւելի քան 350 երեխաներ: Շրջանը նաեւ կը հովանաւորէ ուսման հետեւող որբ ուսանողներ, տարեկան միջին հաշուով 52 ուսանողի օժանդակութիւն շնորհելով»:

Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031