Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները 17 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցան Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին հետ՝ ներկայութեան Հայաստանի հանրապետութեան հիւպատոս Սեդրակ Սարգսեանի եւ փոխդեսպան Ստեփան Գէորգեանի։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ առկայ ապահովական, մարդասիրական եւ ընկերային խնդիրները։ Խոհրդակցութիւնները կեդրոնացած էին ճգնաժամային պայմաններուն վրայ։
Դեսպան Աթաբէկեան վերահաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցութիւնը եղբայրական Լիբանանին։
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները իրենց հերթին ընդգծեցին ներկայ պայմաններուն մէջ համակարգուած աշխատելու հրամայականը։
Կարդացեք նաև
Ժողովականները կարեւոր նկատեցին պահպանել աշխատանքային խորհրդակցութիւններու ձեւաչափը դեսպանութեան եւ հայկական կառոյցներուն միջեւ՝ համայնքը յուզող խնդիրներու շուրջ։
ՀՅԴ