Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պոսթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ վարժարաններուն օգնութեան, Նորին Սրբութեան գահակալութեան 30-ամեակի նշման, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբերին եւ Նոյեմբերին, երեք թեմերու միջեւ գործակցութեան սերտացման, մասնաւորաբար կրթական, հրատարակչական եւ ծիսական մարզերէն ներս, թեմերը նոր հոգեւոր հովիւներով օժտելու հրամայականին եւ այլ ծրագիրներու մասին:
Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց յիշեալ թեմերուն կողմէ մեր ժողովուրդին հոգեւոր, ընկերային ու կրթական կարիքներուն գծով կատարուած աշխատանքներուն։