Այն պահուն, երբ Միջին Արեւելքի կաթսան ահաւոր եռք կ’ապրի, մէկ կողմէ՝ Կազայի մօտաւորապէս մէկ տարուան պատերազմին հետեւանքով, միւս կողմէ՝ Իսրայէլ-Լիբանան ճակատին վրայ բախումներու եւ հռթիռներու փոխանակման սաստկացումով ու ցամաքային թափանցումով, իսկ զուգահեռ գիծի մը վրայ, Իսրայէլ-Իրան ուղղակի ճակատումներու բացումով եւ Ուքրայինայի անաւարտ պատերազմով, ահաւասիկ այս վտանգաւոր զարգացումներուն ստեղծած մտահոգութիւններուն «լուսանցքին» վրայ, Հոկտեմբերի առաջին օրերուն, Պաքուի մէջ նախատեսուած՝ կենսոլորտի պաշտպանութեան նուիրուած ու Մ․Ա․Կ․-ի կազմակերպած խամաճիկ եւ ընդվզեցուցիչ COP29 ժողովէն շաբաթներ առաջ, Ատրպէյճանի դատական ատեանը հաստատեց, որ Արցախի բանտարկուած ղեկավարներուն հասցէին նոր ամբաստանութիւններ կան։ Անոնց կալանաւորման տարեդարձի նուէ՞ր մը արդեօք…
Ամիս մը առաջ, պատանդները մեղադրուած էին, թէ՝ ապօրինի զինեալ խմբաւորումներ կազմաւորած ու մարզած են եւ ահաբեկչութիւն կատարած։ Իսկ ամիս մը ետք, ահա դարձեալ շինծու մեղադրանք մը, թէ բանտարկուած ղեկավարները… պատմամշակութային յուշարձաններ ոչնչացուցած են։
Այս լուրը իմացողը, առանց շունչ առնելու՝ անմիջապէս պիտի ըսէր․ «Տե՛ս, թէ ո՞վ է խօսողը»:
Այո՛, Look who’s talking! Շէյքփիրեան լեզուով աւելի հարազատ կը հնչէ այս կարճ ու կտրուկ հակազդեցութիւնը։
Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ – Ղազանչեցոց – եկեղեցին մզկիթի վերածուած է։ Այդ գեղեցիկ սրբատեղիէն ոչ շատ հեռու, իր իւրայատուկ կառոյցով Կանաչ Ժամ կամ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին ոչնչացուած է։ Դադի վանքը աղուանական կը հռչակուի…
Կարդացեք նաև
Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցին հիմնայատակ եղած եւ անոր տեղը մզկիթ կը կառուցուի:
Հատրութի եւ այլ շրջաններու մէջ, հաստատ փաստերը ցոյց կու տան, թէ բազմաթիւ եկեղեցիներ, մատուռներ, խաչքարեր, յուշարձաններ եւ նոյնիսկ գերեզմաններ ո՛չ միայն քանդուած են, այլ հիմնայատակ եղած են ու ջնջուած՝ երկրի երեսէն են։ Կը սրբուին հերոս նահատակները ոգեկոչող կառոյցներ:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ Գանձասարի, Ամարասի եւ այլ սրբատեղիներու ճակատագիրը։
Ափսո՛ս, ափսո՛ս եւ հազար ափսո՛ս։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում