Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

Փաստօրէն «ռազմական բանակցութիւններ» տեղի կ՛ունենան Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ. «Ազդակ»

Հոկտեմբեր 03,2024 11:11

Ուշագրաւ է Իրանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ Իսրայէլի դէմ Իրանի ռազմական գործողութիւնները աւարտած են: Պարզաբանած, որ Իրանը ինքնապաշտպանութիւն իրականացուցած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին համաձայն` հարուածներ հասցնելով բացառապէս ռազմական եւ անվտանգութեան յենակէտերուն:Այս յայտարարութիւնը ուղերձներ ունի անշուշտ: Գործողութեան այսպիսով կը տրուի սահմանափակ եւ թիրախային բնոյթ: Բախումները աւարտելու պատգամ կ՛ենթադրէ եւ միաժամանակ հակառակորդին կը յուշէ, որ ռազմախաղը պէտք է պահել ՄԱԿ-ի 51-րդ յօդուածի սահմաններուն մէջ: «Յենակէտ յենակէտի դիմաց» բանաձեւի մասին է խօսքը, ինչ որ իր հերթին կ՛ենթադրէ կարմիր գիծերը պահպանել եւ չերթալ դէպի աւելի լայնածաւալ պատերազմ:

Որոշ թելերով եւ համահնչեղութեամբ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը կը կապուի իր նախագահին գրաւոր հրապարակումի բովանդակութեան հետ: Իրանի նախագահը կը գրէր, որ իրականացուած յարձակումը Իրանի ուժին մէկ մասն է միայն: Իրանը պատերազմ չի ցանկար, այլ վճռականօրէն կը դիմադրէ որեւէ սպառնալիքի:

Ռազմական գործողութիւններու աւարտին կամ պատերազմ չցանկալու մասին կատարուած պաշտօնական այս յայտարարութիւններով կը հասկցուի այն, որ Իրան պատասխանելու իր խոստումի գործադրութիւնը կատարած է: Միաժամանակ յարգած ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը:

Այս բոլորը չեն նշանակեր, որ Թել Աւիւ պիտի չհակադարձէ: Մանաւանդ երբեք չեն նշանակեր, որ պատերազմական գործողութիւնները պիտի դադրին Կազայի, Լիբանանի եւ Եմէնի մէջ:

Վերադառնանք «յենակէտ յենակէտի դիմաց» միջնորդաւորուած գործողութիւններու տեսութեան եւ նկատենք, որ Իսրայէլ հակադարձութեան գործողութիւններու իր որոշումը կը քննարկէ Միացեալ Նահանգներու հետ: Փաստօրէն «ռազմական բանակցութիւններ» տեղի կ՛ունենան Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ: Այս վարկածը մտածել կու տայ, որ տակաւին կարմիր գիծերը չհատելու ընդհանուր վերահսկողութեան համակարգը կը գործէ, թէ՛ արտատարածքային եւ թէ՛ տարածքային ռազմագործողութիւններուն համար:

«Ա.»

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031