Կը ցաւակցինք Հըզպալլայի մէջ իսլամական Դիմադրութեան մեր եղբայրներուն` ղեկավարութիւն, կուսակցականներ եւ համակիրներ, անարգ թշնամիի ձեռամբ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի նահատակութեան առիթով:
Ահա Դիմադրութեան սէյիտը կը մեկնի միանալու իր նահատակ ընկերներուն` պատմութեան մէջ իր անուան կողքին փորագրելով դիմադրութեան եւ դիմակայման նոր իմաստ մը: Հողի ազատագրութեան եւ դատին զօրակցութեան երեսուն տարիներ, որոնք ամբողջ աշխարհին դասեր տուին ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարի եւ իրաւունքներու յարգման ու հողին համար սարսափի հաւասարակշռութիւն ստեղծելու: Ան ցոյց տուաւ ոճրային դիմագիծը թշնամիի մը, որ կ՛ոտնակոխէ միջազգային բոլոր օրէնքները եւ մարդկային իրաւունքները, այնպիսի աշխարհի մը մէջ, որ մտած է անորոշութեան մէջ` անսանձ ոճրագործներուն եւ անոնց լուռ դաշնակիցներուն միջեւ:
Դիմադրութեան սէյիտը մեկնեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Լիբանան անոր իմաստութեան եւ համբերութեան կարիքը ունի: Հայրենիքը մտած է ներքին սադրանքի հրահրման փուլ: Ան քաջ կը գիտակցէր ներքին հաւասարակշռութիւններուն եւ այս բոլոր տարիներուն ընթացքին ան քալեց սադրանքներով ականապատուած դաշտերու մէջ: Յաջորդ փուլը դժուար պիտի ըլլայ հայրենիքին համար, եւ մենք բոլորս պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնենք` պահպանելու համար ժողովուրդը եւ հողը:
Աստուած նահատակներուն հոգիները թող լուսաւորէ եւ պահպանէ Լիբանանը:
Կարդացեք նաև
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ