Արցախի 44-օրեայ պատերազմի չորրորդ տարելիցի նշումը կը համընկնի Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումին եւ ամբողջական հայաթափումի առաջին տարելիցին: Փաստօրէն 44-օրեայ պատերազմը սկիզբն էր այն գործընթացին, որ պիտի աւարտէր Արցախի մէջ Ազրպէյճանի գործադրած ցեղասպանական արարքներով:
Պատերազմական գործողութիւններ, ռազմական յանցագործութիւններ, շրջափակում, ցեղասպանական արարքներ իրենց նախադէպերը ունեցած էին պատերազմի տարբեր արարներուն ընթացքին: Արցախը, սակայն, իբրեւ հանրապետութիւն եւ ժողովուրդ, ծառացած էր այդ բոլորին դէմ եւ կանգուն մնացած` Ազրպէյճանի կիրարկած ամէն տեսակի բնաջնջման ահաբեկչական քաղաքականութեան դէմ:
Արցախի ամբողջական հայաթափումն էր, որ բեկումնային նշանակութիւն ունեցաւ այս բոլորին մէջ: Հայաստանի իշխանութիւնները չուզեցին եւ տակաւին չեն ուզեր ըմբռնել, որ Արցախի կորուստը հիմնական սպառնալիք է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան եւ նախաբանն է դէպի Սիւնիք վերահսկողութիւն հաստատելու թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի առաջադրանքին:
Պաքուն հիմա կ՛ուզէ ամրագրել այն, ինչ որ ձեռք ձգած է սեպտեմբեր 2023-ին: Այլ խօսքով`
Կարդացեք նաև
1.- Լուծարուած համարել Արցախի հանրապետութիւնը,
2.- Բացառել հաւաքական վերադարձի իրաւունքը,
3.- Աղուանական համարել Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը,
4.- Միջազգային հանրութեան մօտ արձանագրել Արցախի հակամարտութեան լուծուած ըլլալու փաստը:
Արցախի Հանրապետութեան վերջին նախագահը յայտարարեց, որ իրաւական հիմք չունի Արցախի Հանրապետութիւնը լուծարուած համարելու իր կողմէ ստորագրուած հրամանագիրը: Ազրպէյճանի այս պահանջին ընդառաջ կ՛երթան պաշտօնական Երեւանի ներկայացուցիչները ոչ միայն ընդդիմանալով Արցախի պետական կառոյցներու գործունէութեան Հայաստանի մէջ շարունակութեան, այլ նաեւ` յայտարարելով, որ գոյութիւն չունին Արցախի Հանրապետութիւնը եւ անոր ներկայացուցչութիւնը:
Պաքուն ի՛ր կողմէ ճշդուած կանոններով միայն կը պայմանաւորէ Արցախի ժողովուրդին վերադարձը Արցախ: Ան լաւ կը գիտակցի, որ բռնատեղահանուած ժողովուրդին Հայաստան կեցութիւնը ամենանպաստաւոր ենթահողն է հաւաքական վերադարձի գործնականացման: Պաքուն անհանգիստ է, որ այս հարցը հետզհետէ կը վերածուի միջազգային օրէնքի, եւ պետութիւններ կը համալրեն Արցախի ժողովուրդի վերադարձը պահանջող երկիրներու ցանկը: Այս իրաւունքի միջազգայնացումը աշխարահաքաղաքական շարժառիթներ ունի: Վերադարձը ինքնին կը պայմանաւորուի անվտանգութեան երաշխիքներու տեղակայումով, որ իր հերթին կը կապուի տարածաշրջանին մէջ ռուսական գործօնի հակակշռումով եւ միջազգային երաշխաւորութեան ապահովման առաջադրանքներով: Ուրեմն, անկախ հայկական գործօնէն, կայ աշխարհաքաղաքական նախադրեալ` Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրացման ուղղութեամբ գործընթաց սկսելու: Կը թուի, որ այս մօտեցումէն հեռու են Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք պարտականութիւնը պէտք էր ունենային վերադարձի իրաւունքը միջազգային օրակարգ բերելու:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այս համարում