Մինչ ՄԱԿ-ի ամպիոնը վերջին օրերուն դարձած է, ի շարս այլ բաներու՝ Իսրայէլի ոճիրներուն դէմ քննադատութիւններու եւ զսպամիջոցներու պահանջի բեմ, իսկ Իսրայէլ իր հովանաւորներուն իրողական քաջալերանքով, դէպի Լիբանան կը տարածէ իր հաւաքական սպանդներու դաշտը, ամէն օր նոր սպառնալիքներ տեղացնելով պաղեստինցիներու եւ լիբանանցիներու հասցէին, «ազգընտիր»-ը անգամ մը եւս կը փաստագրէ, թէ կտրուած է ե՛ւ հայկական, ե՛ւ ամբողջ աշխարհի իրականութիւններէն: Նախ, ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ան հանդէս եկաւ այնպիսի տրամաբանութեամբ մը, որ կարծէք թէ Երեւանի մէջ… ընտրապայքար կը մղէր եւ «ամէն բան լաւ ընթացքի մէջ է» (business as usual): Ո՛չ մէկ ակնարկութիւն կամ պարսաւանք՝ Թուրքիա-Ատրպէյճան զինակցութեան գործած ոճիրներուն, Արցախի խլման ու հայաթափման եւ նման պատուհասներու մասին. ան դարձեալ ի գործ դրաւ մաշած ձայնապնակը՝ իր պատկերացուցած խաղաղութեան եւ «ապագայ կայ»-ի մասին (ոգին լաւ է, բայց իրատեսութենէ շոգի հիւլէ մը անգամ չկայ): Այսքանն ալ բաւարար չնկատելով՝ առօք-փառօք այցելեց թրքական ներկայացուցչութեան գրասենեակը, սիրալի՜ր ընդունելութեան արժանացաւ «գայլապետ» Էրտողանի եւ անմիջական գործակիցներուն կողմէ, լա՜յն ժպիտով նուէր ստացաւ Էրտողանի մէկ գիրքը, որուն մէջ, ըստ իրազեկներու, կը ցուցահանուի Էրտողանի խաղաղասիրութեան, սակայն ըստ էութեան՝ թրքական նոր կայսերապաշտութեան ծրագիրը, եւ որուն թիրախներէն մէկն է… Հայաստանը (եթէ մոռցած էիք Էրտողանը շնորհաւորելու համար Թուրքիա իր այցելութեան օրերու ստրկամիտ ժպիտը…):
Պէտք է նաեւ հարց տալ, թէ արդեօք ի՞նչ զգացումներով տոգորուած էր Փաշինեանի կողքին բազմած Արարատ Միրզոյեանը, որ նոյն Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի նախարարական մէկ ժողովին, որուն խորագիրն է «Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորում», ամօթխած եւ քողարկեալ քննադատութիւն ուղղեց Թուրքիոյ հովանաւորեալին՝ Ատրպէյճանին:
Ո՛չ մէկ ակնարկութիւն՝ Արցախի բռնագրաւման: Ո՛չ մէկ սլաք՝ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Ատրպէյճանի տրամադրուած թրքական ոճրային աջակցութեան: Խօսքին ամբողջութիւնը աչքի առջեւ ունեցողը մինչեւ իսկ կրնայ ստանալ այն տպաւորութիւնը, որ եղածները կապ չունին Հայաստանի հետ, անոնք պէտք է աւելի՛ մտահոգեն ազգերու ընտանիքը, քան Հայաստանի իշխանութիւնները (ի՞նչ պատանդ, ի՞նչ գերի…): Այս իշխանութիւնը նոր «որակ» տուած է «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ» խօսքին: Տարի մը առաջ չէ՞ր, երբ Միրզոյեան Ատրպէյճանի դէմ շատ աւելի խարանող քննադատութեամբ խօսեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն, իսկ իր «պոս»-ը, ձայնը միացնելով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին՝ յայտարարեց, թէ Միրզոյեան կը ստէ, Արցախի ժողովուրդին որեւէ սպառնալիք չէ ուղղուած: Նոյն պահուն, Ատրպէյճան սկսած էր գործադրել Արցախի վերջնական հայաթափումը: Գիտակցութիւն եւ արժանապատւութեան հիւլէ մը ունեցողը անմիջապէս վար պիտի դնէր արտաքին գործոց նախարարի «ուսապարկ»-ը:
Եւ ահա, սիրալիր հիւրընկալում Էրտողանի եւ դաւակիցներու կողմէ, որոնք աւրուած ձայնապնակի պէս կը կրկնեն, որ Թուրքիա-Հայաստան խաղաղութեան համաձայնութիւնը կ’անցնի Ատրպէյճանի ԲՈԼՈՐ (անհատնում) ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ Հայաստանի ընդունման »կամուրջ«էն, եւ ո՛չ թէ Մարգարայի կամ Արաքսի վրայ Անիի աւերակներուն մօտ ծրագրուած կամուրջէն…:
Կարդացեք նաև
Այս բոլորին խորապատկե՞րը, խճանկարը աւելի ամբողջական դարձնող բեկո՞րը: Օր մը առաջ, Ալիեւի «յաղթական» եւ սպառնական ճառը՝ իր խորհրդարանին առջեւ:
Աշխարհն ու Հայաստանը` ո՜ւր, Փաշինեան ու իր «թռիչքներ»-ը՝ ո՛ւր:
Դեռ որքա՞ն փաստ պէտք է լեռնացնել, որպէսզի օր առաջ վերջ տրուի այս ազգակործան եւ պետութիւնը կորուստի մատնող իշխանախումբին «պաշտօնավարութեան»:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: