Սեպտեմբեր 21-ին կը տօնենք Հայաստանի վերանկախացման 33-ամեակը։ Իսկ դեռ տարի մը առաջ, Սեպտեմբեր 19, 2023-ին Արցախի հայութիւնը տեղահանուեցաւ։
Ժպտի՞լ, թէ՞ տխրիլ։ Պարծենա՞լ, թէ՞ գլխիկոր «կծկուիլ»։
Եռագոյնը կը ծածանի կեդրոնական հրապարակներուն վրա՞յ, թէ՞ անշունչ «քաղաք»՝ Եռաբլուր գերեզմանատան մէջ։
Պատմութեան ներկայի ճակատագրական դարձած պահուն, երբ Հայաստանէն մնացած վերջին բեկորներն ալ վտանգուած են, դժուար է անկախութեան մասին խօսիլ։
Դժուար, թէ պարտուած երկրի մը ղեկավարութիւնը, որ շարունակ կառչած կը մնայ աթոռին, կարենայ նմանօրինակ անկախութեամբ հպարտանալ։
Հայաստանի անկախութիւնը թէական դարձած է, մանաւանդ երբ ան պարտուած է եւ պարտութիւնը յաղթահարելու համար չէ յաջողած հաւաքական կամք ստեղծել, երբ իրեն կը պակսի ինքզինք քննելու քաջութիւնը, եւ դեռ աւելին` ինքնաքննադատութեամբ տեսնելու պարտութեան պատճառները, որպէսզի կարենայ զանոնք յաղթահարել եւ վերականգնել:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում