Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ան պնդեց, թէ աւանդական հայրենասիրութիւնը «քանդիչ» է եւ պիտի առաջնորդէ անկախութեան կորուստին, ամբողջութեամբ անարգելով Սփիւռքի 7 տասնամեակներու պայքարը՝. «Ասպարեզ»

Սեպտեմբեր 20,2024 10:28

Միայն 18 Սեպտեմբերին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց Հայաստանի իր տեսականը, ուրկէ կը բացակայէր պատմութիւնը։ Արցախը տեղ չունի անոր կառավարութեան ապագայ ծրագիրներուն մէջ, որոնք սահմանուած են ներկայ Հայաստանի աշխարհագրական սահմաններով եւ հետզհետէ նուազող Հայաստանի ներկայ բնակչութեան շահերով։

Ան պնդեց, թէ աւանդական հայրենասիրութիւնը «քանդիչ» է եւ պիտի առաջնորդէ անկախութեան կորուստին, ամբողջութեամբ անարգելով Սփիւռքի եօթը տասնամեակներու պայքարը՝ անկախութեան տեսլականը ողջ պահելու ապագայ սերունդներուն մօտ։ Ան չի յիշեր, որովհետեւ ան 1991ին մանուկ մըն էր, որ Հայաստանի անկախութեան հռչակումը մեր ԱԶԳԱՅԻՆ իղձերու իրականացումն էր։ Անոր փոխարէն, ան կը պնդէ, թէ Հայաստանի անկախութիւնը ապահովելու պայքարը լոկ պատմական վէճեր լուծելու եւ արդարութեան հասնելու պայքար մըն էր, կարծես արդարութեան եւ իրականութեան համար պայքարը անիմաստ պայքար մըն է։

Անցեալ տարուան իրադարձութիւններուն միջազգային հակազդեցութիւնը նուաստացուցիչ էր հայութեան համար եւ հոն անտեսուած էին մարդկային իրաւանց նկատառումները։ Ինչպէս միշտ, Արեւմուտքը կը փորձէ հարցը լուծել գումարներ հայթայթելով, Արցախի հայաթափման մէջ տեսնելով Հայաստանը իրեն մօտեցնելու առիթ մը։ Միւս կողմէ, Ռուսիա եւ իր 4000 զինուորները պարզապէս ականատես դարձան Արցախի մէջ ցեղային զտման, հայաթափումը կասեցնելու համար ոչ մէկ ջանք թափելով։

Արցախը եւ անոր բնակչութեան ճակատագիրը Հայաստանի պետութենէն անբաժանելի մասնիկներ են։ Չենք կրնար Հայաստանի անկախութիւնը նշել առանց յիշելու Արցախի ազատութեան բագինին զոհուած հազարաւոր մարտիկները, որոնք դուռ բացին 21 Սեպտեմբերի անկախութեան։

Միաժամանակ, չենք կրնար անտեսել Հայաստանի յաջորդական կառավարութիւններուն եսակեդրոն քաղաքականութիւնը, որ արժեզրկեց մեր ազգային գաղափարները եւ նպատակները։ Արդար ըլլալու համար, իւրաքանչիւր հայ պատասխանատու է Հայաստանի ներկայ իրավիճակին։ Չենք կրնար միայն յաղթանակներ տօնել եւ անտեսել մեր պարտութիւնները։

Անկախ Հայաստանը հայրենիքն է ԲՈԼՈՐ հայերուն։ Արդեօք բոլոր հայերուն հայրենիք վերադարձը իտէալական լուծում մըն է։ Այո։ Ապահով հայրենիք մը կերտելու յաջող քաղաքականութիւնը պիտի սկսի իւրաքանչիւր հայու՝ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, կարողութիւններու ներգրաւումով, բան մը՝ որ Հայաստանի յաջորդական կառավարութիւնները, ներառեալ ներկայի կառավարութիւնը, չեն կրցած իրագործել։

Իբրեւ ազգ՝ գոյութենական խաչմերուկի մը վրայ կը գտնուինք։ Ժամանակն է, որ միացեալ կամքով եւ ջանքերով հզօրացնենք մեր պետական հաստատութիւնները, որպէսզի ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ մարդկային իրաւունքները յարգուին եւ հասնինք արդարութեան։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30