Լրահոս
Օրվա լրահոսը

COPout29-ը` COP29-ին դէմ կանգնող համաշխարհային արշաւ է, որուն նպատակը յստակ է․ մերկացնել Ատրպէյճանի կառավարութեան իսկական գործելաձեւը. «Հայրենիք»

Սեպտեմբեր 19,2024 11:14

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հովանիին տակ, COP29-ի (Conference Of the Parties) 29-րդ համաժողովին նպատակն է մանրամասնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ քննել ու արծարծել կենսոլորտի փոփոխութեան եւ աղարտման առնչուող հարցեր, տագնապ՝ որ շեշտակի ազդեցութիւն կ’ունենայ կլիմայական պայմաններու վրայ: Այս ժողովը կը համախմբէ մօտաւորապէս երկու հարիւր երկիրներէ ներկայացուցիչներ, որոնք կը հաւատան, թէ կարելի է շտապօրէն փրկել երկրագունդի օր ըստ օրէ վատթարացող կենսոլորտը, ներառեալ… սեւ ոսկիի մեծագոյն արտադրողներէն՝ Ատրպէյճանէն ծագող բնական (եւ մարդակերտ) աղէտները։
Ինչպէս մարդկային եւ այլ օրէնքներ ոտնակոխ ընող, նոյնպէս ալ կենսոլորտը ապականումէ զերծ պահող օրէնքները չյարգող Պաքուն ամէնայն հանգստութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ կը փորձէ կենսոլորտը պաշտպանել՝ իր ապականած երդիքին տակ հրաւիրելով աշխարհը։ Չմոռնա՜նք, որ սա իրեն նուէր տրուեցաւ երեւանցի «արխատաշներուն» կողմէ, որովհետեւ այս ժողովը սկզբնապէս որոշուած էր կազմակերպել Երեւանի մէջ: Աշխարհ մը՝ որուն ղեկը իրենց ձեռքին ունեցողները քաջատեղեակ են, թէ քարիւղ արտադրող եւ զտող իր սարքերով՝ Ատրպէյճան որքա՜ն կ՛ապականէ Կասպից ծովն ու շրջակայքը։ Թափօններու «լիցքաւորմամբ» տարածաշրջանի կենսոլորտն ալ ապականած է։
Հայորդիին համար կացութիւնը ունի իւրայատուկ ծանրակշիռ երես մը: Անմոռանալի են այդ արհաւիրքները, երբ Արցախի վրայ յարձակման փուլերուն, դիւրացնելու համար իր յառաջխաղացքը, ազերի բանակը՝ գործակցութեամբ թուրք բանակայիններու եւ Թուրքիոյ մատակարարած ծայրայեղական ոճրածին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ, դիւրավառ եւ արգիլեալ նիւթեր արձակելով՝ հրոյ ճարակ դարձուց լայնատարած անտառներ։ Երկինքէն տեղացող հուրը, կայծն ու ֆոսֆորային ռումբերը ածխացուցին արտեր, բոյսեր, վառելանիւթի կայան, աւելի՛ն՝ ապրող էակներ։

COPout29-ը` COP29-ին դէմ կանգնող համաշխարհային արշաւ է, որուն նպատակը յստակ է․ վար առնել վարագոյրը եւ մերկացնել Ատրպէյճանի կառավարութեան իսկական գործելաձեւը։
Սա ոսկի առիթ մըն է, որպէսզի արծարծենք, բեմահարթակ հանենք 44-օրեայ պատերազմի կորսուած զինուորներուն, պատանդներուն, գերիներուն և բանտարկեալներուն ողբերգութիւնը։
Առնուազն տարօրինակ երեւոյթ է, որ Երեւանի ներկայ իշխանութիւններուն համար «այդ էջը փակուած է», սակայն ո՛չ յաչս արդարութեան համար պայքարող մարդ էակին։ Այս գծով, միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի տարած աշխատանքը իսկապէս գնահատելի եւ ողջունելի է։ Բանականութեան հրաժեշտ չտուող ոեւէ հայ իրաւունք ունի հարց տալու. աշխարհի մէջ արդեօք կա՞յ որեւէ այլ երկիր, որուն իշխանութիւնը այսքան ճակատաբաց կ’անտեսէ իր քաղաքացիները, որոնք խաղալիք դարձած են թշնամիին ձեռքին մէջ: Եւ ի՞նչ որակում կարելի է տալ ՔՊ-ական վարչախումբին, որ ամէն օր կը ձայնակցի Պաքուի վարիչներուն…

Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30