Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լօրա Ֆրիտմընի նախաձեռնութեամբ՝ նամակ մը յղուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿի կենսոլորտի պաշտպանութեան COP29 ժողովին մասնակցող Քալիֆորնիոյ բնական հարստութիւններու նախարար Ուէյտ Քրոֆութին, որպէսզի ժողովին ընթացքին լուսարձակի տակ առնէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը եւ Պաքուէն հաշուետուութիւն պահանջէ։
Նամակին մէջ կը պահանջուի յատկապէս ապահովել Պաքուի կողմէ անօրինաբար պահուող 23 հայ գերիներու եւ մօտաւորապէս 250 ատրպէյճանցի այլախոհներուն անյապաղ ազատ արձակումը։
Նամակին տակ ստորագրած են նաեւ Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումի անդամներ Պապ Արչուլեթա, Ուինտի Քարիօ, Մայք Ֆոնկ, Էնթընի Փորթանթինօ, Լուզ Ռիվազ, Միկել Սանթիակօ եւ Ռիք Չաւեզ Զպուր։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: