Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Վեհափառ Հայրապետը հակիրճ կերպով բացատրեց խաչին խորհուրդը՝ շեշտելով, թէ խաչը սիրոյ, զոհողութեան եւ յաղթանակի նշան է

Սեպտեմբեր 16,2024 23:23

Տարուան վերջին տաղաւար (մեծ, աւագ) տօնը մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ խաչին վերացումին տօնն է (Վերացման Սուրբ Խաչ)։ Այս տօնին կը յիշատակուի Լիբանանի մէջ հաստատուած Այնճար աւանին հիմնադրութեան տօնը, որովհետեւ սուրբ խաչին շնորհիւ այնճարցիք փրկուեցան թուրքին եաթաղանէն։

Արդարեւ, 2024 տարին կը զուգադիպի Մուսա Լերան հերոսամարտի 109-րդ եւ Այնճարի հիմնադրութեան 85 ամեակներուն, որոնց տօնակատարութեանց շրջագծին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ՝ շեշտելով Այնճարին հայկականութիւնը եւ աւանը առաւել եւս հայկականացնելու ու անոր բարքերն ու աւանդութիւնները պահելու ու պահպանելու այնճարցիին վճռակամութիւնը։ Այս առիթով, Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը կատարեց շնորհաբաշխ Հովուապետական այցելութիւն մը Այնճարի հայկական աւան. տեղւոյն Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցման արարողութեան, իր Հայրապետական պատգամը յղեց հաւատացեալ ժողովուրդեան եւ կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ Օրուան պատարագիչն էր Պէքայի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան։

Այնճարի մուտքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեանի, Ազգային Իշխանութեան անդամներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անձնակազմին, հոգեւոր հայրերու եւ լիբանանահայ համայնքի կազմակերպութիւններու, կառոյցներու ու մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Շնորհաբաշխ հովուապետական այցելութեան ընթացքին Նորին Սուրբ Օծութեան շքախումբին մաս կը կազմէին Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան, Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան։

Այնճարի մուտքին աւանդական աղի ու հացի օրհնութենէն ետք, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր Արամ Ա. Կաթողիկոս օրուան պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն։

Առաջին հերթին բարի գալստեան խօսք արտասանեց թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը։ Ողջունելէ ետք Հայրապետին ներկայութիւնը Լիբանանի հայոց թեմէն ներս եւ ի մասնաւորի Այնճարի մէջ, ան վստահեցուց, որ այս այցելութիւնը առիթ պիտի ըլլայ նոր ոգեւորութիւն ներշնչելու Մուսա Լերան շարաւիղներուն, որոնք հաղորդակից մնալով իրենց հայրերու կերտած փառքին՝ կը շարունկեն կորովով արմատ ու ճիւղ արձակել հայու քրտինքով նուիրականացած այս հողին վրայ։ Շարունակելով իր խօսքը՝ Շահէ արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ Այնճարը իր ծոցին մէջ կը հաւաքէ մեր ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի սերունդները ճանչնան իրենց հայրերուն մեծագործութիւնը եւ անոնց օրինակին հետեւելով՝ ազգի վերելքին ու ամրութեան համար անձնուիրաբար ընծայեն իրենց կարելիութիւնները։ Աւարտին, սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ բեղուն ու ծաղկուն պահէ Հայրապետին կեանքն ու աշխատանքը, որպէսզի իրմով շարունակենք տեսնել աւելի լայն հորիզոններ ու քաջութիւն գտնել մեր կեանքին համար, եւ հրաւիրեց Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր Հայրապետական պատգամը ուղղելու մեր ժողովուրդին։

Վերացման սուրբ խաչի տօնին լոյսին տակ, Վեհափառ Հայրապետը հակիրճ կերպով բացատրեց խաչին խորհուրդը՝ շեշտելով, թէ խաչը սիրոյ, զոհողութեան եւ յաղթանակի նշան է։ Իւրաքանչիւրին մասին ու աւետարանական մէջբերումներով ան անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ։ Ապա, անդրադառնալով մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ խաչը պաշտող առաջին ազգը եղած ենք եւ խաչին նկատմամբ մեր հաւատարմութենէն մղուած նահատակուած ենք ու պայքարած։ Խաչը մեր ժողովուրդին համար եղած է հոգեմտաւոր ստեղծագործութեան աղբիւր ու մղիչ ոյժ։ Շարունակելով իր պատգամը՝ Հայրապետը ըսաւ, որ կարելի չէ հասկնալ հայոց պատմութեան խորհուրդը ու հրաշքը առանց խաչին։ Անոր զօրութեամբ մենք մահը յաղթեցինք եւ յարութիւն կերտեցինք։

Անդրադառնալով Մուսա Լերան 40 օրերուն ու մուսա լեռցիներուն Այնճար հաստատման եւ խօսքը ուղղելով անոնց՝ Նորին Ս. Օծութիւնը յայտնեց, թէ խաչի զօրութեամբ Մուսա Լեռը արեան վկայութեամբ յաղթանակի վերածեցիք։ Խաչին զօրութեամբ Այնճար հաստատուեցաք՝ հակառակ ահաւոր դժուարութիւններուն, եւ խաչին զօրութեամբ այս երբեմնի գիւղը վերածեցիք փոքր Հայաստանի։ Խօսելով ներկայ ժամանակներուն մասին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս կոչ ուղղեց այնճարցիներուն՝ նո՛յն հաւատարմութեամբ, խաչի հաւատքով ու զօրութեամբ զօրացած, պէտք է Այնճարը նորանոր իրագործումներով աւելի՛ ծաղկացնէք, եզրափակեց իր պատգամը Նորին Սրբութիւնը։

Այնճարի հաստատման 85 ամեակի տօնակատարութիւնները եզրափակուցեան ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթով, որուն ընթացքին արտասանուեցան խօսքեր, կատարուեցաւ մենապար, քանի մը երգերով հանդէս եկան հայրենի արուեստագէտներ, իսկ աւարտին Հայրապետը իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ Կայծակ Զէյթլեանի կուրծքը զարդարեց մեր Սուրբ Աթոռին «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով։

Իր խօսքին մէջ Հայրապետը կատարեց չորս հաստատումներ.- առաջին. գնահատանք բոլոր անոնց, որոնք իրենց մտքէն, հոգիէն ու քսակէն բան մը տալով՝ շէնցուցին Այնճարը՝ զայն դարձնելով հայութեամբ շնչող հայ աւանի։ Երկրորդ. Այնճարը միայն հող ու քար չէ, այլ նաե՛ւ ժողովուրդ է։ Առանց ժողովուրդի Այնճարը իր իմաստը կը կորսնցնէ. հետեւաբար, այնճարցին պէտք է կապուած մնայ իր հողին՝ զայն աւելի շէնցնելու յանձնառութեամբ ու վճռականութեամբ։ Երրորդ. Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ շուրջ տասը տարիներ առաջ, երբ այցելած էր Այնճար, կոչ ուղղած էր, որ այնճարցին իր հողը օտարին չծախէ։ Այսօ՛ր եւս նո՛յն կոչ կ՚ուղղեմ, ըսաւ Հայրապետը, որովհետեւ օտարին օտարացնող ներկայութիւնը ընդունելի չէ՛։ Այնճարին հայ դիմագիծը պէտք է պահել ամէն գնով։ Չորրորդ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, որ Այնճարը ունի իր լայն սփիւռքը։

Բոլոր գաղութներէն ներս այնճարցիներ կան, որոնք տակաւին կապուած են Այնճարին. սակայն, անհրաժեշտ է, որ անոնք իրենց կապուածութիւնը գործնապէ՛ս արտայայտեն՝ նիւթական օժանդակութիւն կատարելով եւ Այնճարի կարիքներուն ու ծրագիրներուն օգտակար հանդիսանալով։ Այս ծիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով գնահատեց տէր եւ տիկին Կայծակ ու Ծովիկ Զէյթլեան ամոլը՝ ի տես անոր նուիրաբերումին Այնճարին եւ զանազան ծրագիրներու օժանդակութեան։ Այս առիթով, որպէս գնահատանք Զէյթլեան զոյգին ծառայութեանց ու կատարած օժանդակութեանց՝ Նորին Ս. Օծութիւնը Կայծակ Զէյթլեանը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30