Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ նոր նախագահի ընտրութենէն եւ վարչակարգի փոփոխութենէն ետք արձանագրուած պետական կեցուածքներուն եւ դիրքորոշումներուն մէջ բաւական նշանակալից եղաւ Իրանի պետութեան արտաքին քաղաքականութեան այն դրոյթը, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոյն գիծը պիտի շարունակուի եւ ոչինչ պիտի փոխուի։ Աւելի՛ն։ Մէկէ աւելի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յստակացուցին եւ շեշտեցին, որ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքը, որ կը խախտէ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանոթիւնը, մերժուած է Իրանի իշխանութիւններուն կողմէ։
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի եղաւ վերջին դիւանագէտը, որ նման կեցուածք յայտարարեց եւ վերահաստատեց Հայաստանի հողային ամբողջականութեան նկատմամբ Թեհրանի իշխանութիւններուն յանձնառութիւնը։ Նկատառելի է, որ իրանցի դեսպանին յայտարարութիւնը կը կատարուի այնպիսի հանգրուանի մը, երբ վերստին թափ ստացած են Հայաստանի Սիւնիքի մարզով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապելու ուղիին շուրջ քննարկումները, որոնց ծիրին մէջ Ռուսիա կը թուի, թէ իր ձայնը միացուցած է Ատրպէյճանի, նկատի ունենալով, որ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի մը վերաբերեալ յայտարարութիւն մը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ Հայաստանը մեղադրած էր Սիւնիքով անցնելիք ցամաքային կապի վերաբերեալ 9 Նոյեմբերի համաձայնը պոյքոթի ենթարկելու յանցանքով։
Իրանցիներուն համար Հայաստանի հիւսիսը ցամաքային միջանցքի մը բացումը կը հակասէ Իրանի եւ Հայաստանի ռազմավարական շահերուն, հետեւաբար նման ծրագիր Թեհրանի իշխանութիւններուն կողմէ մերժելի է։ Իրանցիք նաեւ մանաւանդ վերջին շրջանին կը շեշտեն, որ Իրանի դրացի երկիրներուն հողային ամբողջականութիւնը կարմիր գիծ է Իրանի համար, հետեւաբար կարելի չէ քննարկել ծրագրեր եւ նախագիծեր, որոնք կրնան սահմաններու փոփոխութիւն յառաջացնել, կամ միջանցքի վերահսկողութեան պատճառաբանութեամբ Իրանի սահմանին մօտ տեղակայել օտար ուժեր։ Յատկապէս այս կէտին վերաբերեալ է Թեհրանի իշխանութիւններուն մերժողական կեցուածքը եւ մտահոգութիւնը։ Իրանցիներուն համար միայն հայ մաքսաւորները եւ սահմանապահ ուժերն են,որ կրնան ապահովել եւ երաշխաւորել միջանցքի մը ապահով գործունէութիւնը։Իրանեան իշխանութիւններուն պնդումը նաեւ ուղղակի պատասխան մըն է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն առաջարկին, թէ Սիւնիքի վրայով Ատրպէյճանը Նախիջեւանի կապող ուղիին հսկողութիւնը կարելի է վստահիլ տարբեր երկիրներէ կազմուած միջազգային ուժի մը։
Ա.Ա.
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում