Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արդեօք հո՞ն ալ խիտ ծառուղիներով միջանցքի մը մասին է խօսքը․ «Հայրենիք»

Սեպտեմբեր 14,2024 09:30

Սպասելի է Պաքուի հետեւողական մերժումը՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան առնչութեամբ։
Այս կտրուկ «ո՛չ»-ը հետզհետէ աւելի ուժեղ հնչումով հրապարակ կը նետուի Ալիեւի վարչամեքենային բանբերներուն կողմէ, մանաւանդ որ դիմացը գոյութիւն չունի իմաստուն եւ գործօն քաղաքականութիւն, գործնական հայրենապաշտպանութիւն։

Ամէն քայլափոխի, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ այլ պաշտօնական «բերաններ» թութակի նման կը կրկնեն աւրուած ձայնապնակ յիշեցնող պահանջները, թէ՝ այնքան ատեն, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոփոխութիւն չէ կրած եւ Զանգեզուրի միջանցքը չէ բացուած, ո՛չ մէկ խաղաղութեան պայմանագիր ընդունելի կը նկատուի։ Իսկ Երեւանի վարիչները յիմար տգէտի յամառութեամբ կը հաւաստեն, որ համաձայնագիրը գրեթէ ամբողջութեամբ… համաձայնեցուած է:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հաճիզատէ դարձեալ շեշտեց, թէ «Համաձայնագրի նախագիծը ստորագրելու համար, առաջին հերթին, Հայաստանը պէտք է համապատասխան փոփոխութիւններ կատարէ իր Սահմանադրութեան մէջ, որպէսզի յստակ ըլլայ, թէ մեր երկրին նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի։ Իսկ չնայած որ Հայաստան տեղեակ է իր գրաւոր եւ ստորագրուած պարտաւորութիւններուն՝ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան կապող հաղորդակցութիւններու բացման վերաբերեալ, վերջին չորս տարիներուն որեւէ բան չէ կատարած»:

Երեւանի վարիչները կը պնդեն թէ նման խոստում չեն տուած ու կը կարծեն, թէ հակադարձած կ’ըլլան, եթէ յայտարարեն, որ Ատրպէյճանի Սահմանադրութիւնն ալ փոփոխելի կէտեր ունի: Նման խորութեամբ հակասութիւն աչքի առջեւ ունենալով, ի՜նչ խօսք՝ համաձայնագիրին 70-80 կամ այլ թիւերով համեմատութեամբ վերջնականացած ըլլալու մասին:

Յստակ է Սահմանադրութեան շուրջ ստեղծուած թնճուկը, որ կը սեղմուի Պաքուի աչքին պարզ ու մեկին նախադասութեան մը մէջ, այսինքն՝ «Հայաստանի եւ Արցախի միացում» ջնջումը, սակայն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն համար, այս «Փանտորայի տուփ»-ը կարելի չէ շտապօրէն բանալ։ «Ազգընտիր» վարչապետը բազմիցս փորձեց այդ «տուփ»-ը բանալու նիւթը արծարծել, միշտ ալ բարեփոխութիւն ստեղծելու, ներկայ պայմաններուն նոր դրութիւններ կերտելու մտայղացումով։ Անոր վերջին դարձդարձիկ յայտարարութիւններէն մէկը այն էր, թէ Երեւան պատրաստ է ճանապարհ տրամադրել Ատրպէյճանին՝ Նախիջեւանի հետ կապի համար, առանց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անխախտելիութիւնը կասկածի տակ դնելու: Թէ ինչպէ՞ս ամբողջութիւնն ու սահմաններուն անխախտելիութիւնը կասկածի տակ չեն դրուիր, այդ ալ անկասկած շինծու եւ խաբեպատիր հաստատում մըն է, ինչպէս բոլոր սուտերն ու պատրանային հաւաստիքները: Սահմաններու պաշտպանութեան «գիւտերը» մտաբերելով, կրնանք հարց տալ. արդեօք հո՞ն ալ խիտ ծառուղիներով միջանցքի մը մասին է խօսքը, ինչպէս փորձեց իր նորագոյն նահանջները արդարացնել Կիրանցի սահմանամերձ դպրոցին բացման առթիւ։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30