ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը՝ ՀՀ Ազգային ժողովի Պատուիրակութեան Գանատա Այցելութեան Վերաբերեալ
Սեպտեմբեր 25-30, միջ-պետական յարաբերութիւններու զարգացման ծիրէն ներս, կը նախատեսուի ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի եւ ԱԺ պատուիրկութեան այցելութիւնը Օթթաուա։ Մտահոգիչ է իմանալ, որ Ալեն Սիմոնեանի պատուիրակութեան կազմին մէջ ներառուած են միայն իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան անդամները՝ առանց ընդդիմութեան պատգամաւորներու: Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Գանատա խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան ըննդիմադիր պատգամաւորները դիտումնաւոր դուրս մնացած են այս պատուիրակութենէն։ Այս երեւոյթը ինքնին՝ ժողովրդավարական կանոնակարգի խախտում է։
Ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքներն ու մարդու հիմնական իրաւունքները ոտնահարող ՀՀ գործող վարչախումբի այցելութիւնը ողջունելու մտադրութիւն չունի գանատահայութիւնը։ Ընդդիմադիր ցուցարարներուն նկատմամբ անհամաչափ ուժի օգտագործումով գործող վարչախումբի գործելաձեւը կը հակասէ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն։ Այս բոլորը դատապարտելի արարքներ են ժողովրդավարութեան դրօշակիր Գանատայի մէջ ապրող ժողովուրդին համար։
Վարչախումբին կողմէ որդեգրուած ապազգային քաղաքականութեան հետեւանքով՝ աններելի նահանջ կ՚արձանագրուի ազգային մեր կենսական շահերուն նկատմամբ։ Արցախի հիմնախնդիրը վերստին միջազգային օրակարգ բերելու հնարաւորութեան ուղիներու որոնման հետամուտ Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքները խափանող Ալեն Սիմոնեանն ու ՔՊ-ական գործող վարչախումբը՝ հետեւողական զիջումներով, սահմանազատման ապօրինի եւ անձնատուողական գործընթացով, կամակատարը դարձած են թուրք-ատրպէյճանական քաղաքական օրակարգին։
Մենք համոզուած ենք, որ Հայաստանի գործող վարչախումբը ոչ մէկ իրաւունք ունի Արցախի կարգավիճակը ճակատագրելու ու Հայաստանի ինքնիշխան սահմանները կանխակարգելու, եւ առ այդ վերստին դատապարտելով իրենց ազգակործան ընթացքը, յառաջիկայ օրերուն Գանատա ժամանող վարչախումբի կազմը անցանկալի պատուիրակութիւն կը նկատենք։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ