Սիւնիքի ստանալիք կարգավիճակին ուղղութեամբ Իրանի դիրքորոշումը փուլ առ փուլ կը սաստկանայ, անշուշտ առայժմ հռետորաբանական մակարդակի վրայ:
Իրանը նախ յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ իր դարաւոր սահմանի որեւէ փոփոխութեան դէմ է: Ապա այլ բաղադրիչներ ներառուեցան այս դիրքորոշումին: Թեհրանը դէմ է տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքականութեան փոփոխութեան, եւ երրորդ` Թեհրանը դէմ է նաեւ, որ տարածաշրջանին մէջ ժողովրդագրական փոփոխութիւն տեղի ունենայ:
Առաջինը ընդհանուր մօտեցում է եւ քաղաքական մակարդակով միանշանակօրէն հասկնալի: Միջազգային մակարդակի վրայ ընդունուած սահմաններու փոփոխութիւնը մերժելի է: Երկրորդի պարագային խառն ուղերձներ կան: Աշխարհաքաղաքականութեան փոփոխութիւնը նախ եւ առաջ կրնայ ընկալուիլ Արեւմուտքի տարածաշրջան թափանցման քաղաքականութեան դէմ ըլլալու հասկացողութեամբ: Երրորդը ուղիղ հասցէական է: Ուղղուած է Ազրպէյճանին եւ պատասխան է Պաքուի առաջ քշած «ազրպէյճանցիներու Հայաստան վերադարձ»-ի պահանջին կամ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի տեսութեան:
Ուրեմն, առաջինը ընդհանուր սահմանը անփոփոխ պահելու մասին է, երկրորդը Արեւմուտքին կ՛ուղղուի անուղղակիօրէն, երրորդը շեշտակիօրէն Ազրպէյճանին պատասխան է:
Կարդացեք նաև
Եւ ահա Ռուսիոյ նախագահին այցելութիւնը Պաքու եւ անկէ ետք պաշտօնական Մոսկուայի կատարած յայտարարութիւնները պատճառ հանդիսացան, որ Թեհրանը այս հարցին մէջ ամէնէն խիստ ձեւով իր սլաքները ուղղէ Մոսկուային:
Թեհրանի ուղերձի խստացումը սակայն կը թուի, որ միայն Մոսկուային չէ ուղղուած: Այս նախագիծով տարբեր շահերէ մեկնած խանդավառ են Անգարան, Պաքուն եւ Մոսկուան: Առաջին երկուքը պարզ է, որ թուրանական կամուրջի կառուցումը առաջադրած են, մինչ երրորդը կ՛ուզէ վերահսկել շատ կարեւոր հանգուցակէտ մը: Այդ հանգուցակէտը չի վերաբերիր միայն Թուրքիա-Նախիջեւան-Ազրպէյճան կամրջումին:
Սիւնիքի հանգուցակէտը Իրան-Արեւմուտք կամ Թեհրանի դէպի Եւրոպա ապաշրջափակման կենսաճանապարհն է` Իրան-Սիւնիք-Վրաստան-Սեւ Ծով-Եւրոպա հաղորդակցուղիներով:
Թեհրանի համար ուրեմն, դարաւոր սահմանէն աւելի իր կենսաճանապարհին վրայ այլ վերահսկողութիւններ մերժելու պետական շահն է:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: