Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուելիք խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծը անվերջ կ՛ենթարկուի վերախմբագրումներու: Պաշտօնական լրահոսէն պարզ դարձաւ, որ Երեւանը Պաքուին յղած է պայմանագիրի նախագծային բովանդակութեան 10-րդ տարբերակը: Պաքուի արձագանգը ուշ չէր: Իրենց հերթին անոնք յայտարարեցին, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծէն Երեւանը դուրս բերած է որոշ կէտեր եւ թէ Պաքուն իր պատասխանը կը խմբագրէ յառաջիկային:
Ըստ պաշտօնական Երեւանի, խաղաղութեան պայմանագիրի վերջին նախագիծին մէջ կայ 17 յօդուած, որոնցմէ 13-ը լիարժէք համաձայնեցուած են: Տրուած են յաւելեալ մանրամասնութիւններ, որոնց համաձայն` կայ եւս 3 յօդուած, որոնց շուրջ գոյացած է մասնակի համաձայնութիւն:
Յստակ չեն կէտերը. իսկ մասնակիի բացատրութիւնը այն է, որ յօդուածին մէջ նախադասութիւններու շուրջ միայն համաձայնութիւն կայ: Փորձ կ՛ըլլայ ուրեմն այնպէս ընկալելի դարձնել, որ 17-էն 13-ը համաձայնեցուած է, 3-ը` մասնակի, իսկ մէկը տակաւին քննարկելի է:
Հայկական կողմի յայտարարութիւնները, թէ 17-13-3=1 հեռու է իրականութեան համապատասխանելէ: Այս թուաբանութեամբ Երեւանը այն տպաւորութիւնը կը փորձէ տարածել, որ բացի հիմնական մէկ կէտէ ամէն ինչ համաձայնեցուած է:
Կարդացեք նաև
Այս թուանշաններուն գումարին չափ եւ անկէ աւելի նախապայմաններ կը հնչեն Պաքուէն` առաւելագոյնը ձեռք ձգելու համար: Միայն Գ. կէտը այնքան առաձգական է, որ թուաբանօրէն անսահմանելիութեան կրնայ առաջնորդել Պաքուի պահանջներու թիւը:
Քաղաքական թուաբանութեան կանոնները ուրիշ են: Այս պարագային կը պարզեն նախապայմանային քաղաքականութեան մը անվերջ թարմացուող եւ բազմացող թիւերը: Թիւերու խաբկանքը չի կրնար ծածկել տիրող կացութիւնը:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: