Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կա՛մ բոլորս միասին պիտի բարձրանանք, կա՛մ բոլորս միատեղ պիտի իյնանք: Ինչո՞ւ իրարու հետ չգործակցինք. «Ասպարեզ»

Սեպտեմբեր 05,2024 11:40
(ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԽՈՀԵՐ)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

1991էն մինչեւ 2023ի Սեպտեմբերը, ողջ հայութիւնը անկախութեան երկու ազգային տարեդարձներ կը տօներ: Այս տարի խառն զգացումներով լոկ մէկ տարեդարձ պիտի տօնէ:

Անտարակոյս, Արցախի բռնագրաւումը մեր նորագոյն պատմութեան չարաղէտ իրականութիւններէն մէկն է: Հայոց Ցեղասպանութեան նման, հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ենթարկուեցաւ պատմական Հայաստանի կարեւոր մէկ բաժինի կորուստին: Քաղաքակիրթ ազգեր եւ միջազգային հանրութիւնը անտարբեր մնացին կամ բաւարարուեցան միայն դատապարտումի պարզ կոչեր ընելով:

Այո՛, այս Սեպտեմբերին խառն զգացումներ ունինք: Մէկ կողմէ, ուրախ ենք որ մեր Արցախի հայրենակիցներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մայր հայրենիքի մէջ ապաստան գտած է: Միւս կողմէ, անոնք պէտք է Արցախ վերադառնան, իրենց հայրենիքը:

Խառն զգացումներ ունինք, Ատրպէյճանի մէջ մեր հայ պատերազմական բանտարկեալներուն, եւ մանաւանդ Արցախի ղեկավարութեան կալանաւորումի նկատմամբ: Մէկ կողմէ, կ՛իմանանք որ աշխատանք կը տարուի զանոնք ազատագրելու համար: Միւս կողմէ, յուսախաբ ենք, որ դրական արդիւնքներ չկան:

Ինչ կը վերաբերի հայրենիքին, Սեպտեմբեր 21, 2024ին Հայաստան իր վերանկախութեան 33րդ տարեդարձը պիտի տօնէ: Թէեւ ամէն գիտակից հայ հպարտ եւ երջանիկ է իր հայրենիքով, չենք յաւակնիլ յայտնելու, որ ամէն հայ անխառն զգացումներ կը տածէ հոն տիրող ներկայ իշխանութեանց հանդէպ: Թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ կան բազմաթիւ դժգոհ հայեր: Հայրենի իշխանութիւններն ալ երբեմն խէթ աչքերով կը նային իրենց քննադատներուն եւ անտեղի եւ անիրաւ միջոցներու կը դիմեն: Երբեմն եղած քննադատութիւնները արդար են եւ երբեմն ալ շահագիտական եւ շիլ հաշիւներով եղած են:

Մէկ բան յստակ է, որ որեւէ վարչակարգ, մահկանացու մարդոցմէ բաղկացած ըլլալով, իր թերութիւններն ու յանցանքները, իր զանցառութիւններն ու տկարութիւններն ունի: Բայց վարչակարգերը հայրենիք չեն, անոնք կու գան ու կ՛անցնին: Հայրենիքը մնայուն եւ տիրական իրականութիւն է:

Որեւէ ժամանակէ աւելի, պատմական այս հանգրուանին, հայրենիք եւ Սփիւռք պէտք ունին իրարու զօդուելու անքակտելի կապերով՝ ի սէր մեր ազգային գոյութեան եւ յաւերժութեան: Ի վերջոյ, հայ մարդիկ, ո՛ւր որ ալ գտնուին, իրարու կապուած են իրենց հասարակաց պատմութեամբ, հասարակաց յուշերով ու յոյզերով, իրենց հասարակաց երազներով եւ ճակատագրով:

Պատմութեան այս տագնապալի հանգրուանին, կը սիրենք յուսալ, որ մեր հայրենի իշխանութեան գլուխը գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իմաստութիւնը, վեհանձնութիւնը եւ նախաձեռնութիւնը կ՛ունենայ կեանքի կոչելու խորհրդակցական փոքր մարմին մը, բաղկացած հայաստանաբնակ եւ սփիւռքահայ եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարներէ, որոնք մէկդի դրած իրենց տարակարծութիւնները, գլուխ-գլուխի խորհրդակցին, թէ ինչպէս, այս դժուարին օրերուն պիտի թիավարեն մեր ազգային նաւը ներկայ փոթորկալից քաղաքական ովկեանին մէջ:

Պատմութեան դասերը ազդանիշեր են: Իրազեկ ըլլանք անոնց թէ ոչ, ի հեճուկս մեր բոլոր տարբերութիւններուն, մենք մէկ ազգ ենք, անբաժանելի ազգ: Կա՛մ բոլորս միասին պիտի բարձրանանք, կա՛մ բոլորս միատեղ պիտի իյնանք: Ինչո՞ւ բոլորս մէկ չբարձրանանք, Ինչո՞ւ միակամ չ՛ըլլանք, ինչո՞ւ գործնապէս չսիրենք զիրար, ինչո՞ւ իրարու հետ չգործակցինք:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30