Հենրի Գազանճեան-Գազան հիմնարկութեան հաստատած հիմնադրամին շնորհիւ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրը հիւր դասախօսներ կը հրաւիրէ, իւրայատուկ դասախօսութիւններու հետեւելու առիթը ընծայելով համալսարանի ուսանողներուն եւ համայնքին։
Հայագիտական ուսմանց ծրագիրը կը հաղորդէ, թէ 2024-2025 համալսարանական տարեշրջանի աշնանային կիսամեակին, «Գազան»ի այցելու դասախօսը պիտի ըլլայ դոկտ. Սիմոն Մաղաքեան, որ մասնագիտացած է բնիկ ժողովուրդներու մշակոյթները բնաջնջելու ջանքերուն վաւերագրման մէջ եւ յատկանշական աշխատանք տարած է յատկապէս Նախիջեւանի հայկական դիմագիծը բնաջնջելու Պաքուի մշակութային ցեղասպանութեան գծով։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: