ՄԱԿ-ի հիմնադրութեան համաձայնագիրը, ի միջի այլոց, կը շեշտէ, թէ «բոլոր ժողովուրդները իրաւունքը ունին ինքնորոշման, որուն շնորհիւ անոնք կրնան ազատօրէն սահմանել իրենց քաղաքական ուղին եւ յառաջ տանիլ իրենց տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացումը»։
Այս սկզբունքին հիման վրայ, Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը 2 Սեպտեմբեր 1991ին Խորհրդային Միութենէն իր անկախութիւնը հռչակեց՝ մաս կազմելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, որ աւելի ուշ Արցախի Հանրապետութիւն անուանուեցաւ։ 10 Դեկտեմբեր 1991ին, Արցախի մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէին մասնակցեցաւ բնակչութեան 82 տոկոսը, որուն 99 տոկոսը անկախութեան ի նպաստ քուէարկեց։
Սակայն, վերջին 33 տարիներուն, ՄԱԿի ոչ մէկ անդամ ճանաչում շնորհեց Արցախի անկախութեան, անտեսելով նոյնինքն ՄԱԿի հիմնադրութեան համաձայնագիրի առաջին յօդուածը։ Աւելի վատ, միջազգային համայնքը ձեռնածալ դիտեց, մինչ ՄԱԿի կողմէ ամրագրուած ինքնորոշման իրաւունքը Արցախի ժողովուրդէն գողցուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ, որ անցեալ Սեպտեմբերին, լրբօրէն յարձակելով Արցախի վրայ՝ պարտադրեց անոր առաւել քան 100,000 ժողովուրդին բռնագաղթը իր պապենական հողերէն։
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը անցեալ տարի գումարեց երկու արտակարգ նիստեր՝ քննելու համար Արցախի ամբողջական շրջափակման ստեղծած մարդկային տագնապը, որ ըստ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու եւ ջատագովներու, ցեղային զտում եւ ցեղասպանութիւն է։ Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամները՝ Եւրոպական Միութեան անդամները, Միացեալ Նահանգները, Ռուսիա եւ ուրիշներ, կոչեր ըրին՝ անմիջական քայլեր որդեգրելու, իսկ Ատրպէյճանէն խնդրեցին վերջ տալ մահացու շրջափակումին՝ անսալով Միջազգային քրէական ատեանի վճիռին, սակայն պատասխանատուութեան չկրցան կանչել ոճրագործ Պաքուն, որ իրողապէս Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ տարբերակը իրականացուց։
Կարդացեք նաև
Արցախի ժողովուրդը քաջութեամբ դիմացաւ 10 ամիսներու ապօրինի շրջափակման, որպէսզի պարզապէս կարենայ ապրիլ եւ բարգաւաճիլ իր պապենական հողերուն վրայ, հակառակ հազարաւոր զինուորական եւ քաղաքացիական զոհեր խլած 2020ի պատերազմին պատճառած ծանր վնասներուն։
Կարելի է հաստատել, որ Հայաստանի կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ առած քայլերը քաջալերեցին միջազգային համայնքին անտարբերութիւնը՝ Ատրպէյճանի բռնարարքներուն նկատմամբ։
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: