Բազմաթիւ սրբատեղիներու, վանքերու, եկեղեցիներու, յուշարձաններու եւ խաչքարերու կանոնաւոր ու ծրագրուած քանդումէն ետք, կարգը եկաւ կոթողական կառոյցին՝ Արցախի «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» կամ «Տատիկ-Պապիկ» անունով յայտնի յուշարձանի «դիմափոխման», փաստացի սրբապղծման։
Խոր իմաստ ունի վիթխարի կողոթը, որ քանդակուած է հայկական կարմիր տուֆով, քար մը՝ որ ինքնին հայկականութեան վկայական է:
Ստեփանակերտի հիւսիսային մուտքին կառուցուած կոթողը կանգնած է 1967-ին։ Անիկա կը խորհրդանշէ Արցախի բնակիչներուն կառչածութիւնը իր հողին եւ արմատներուն։
Մասնագէտներ այս գործը որակած են տարեցներու, այսինքն՝ մեր պապերուն ու տատերուն ձօնուած յուշակոթող մը։ Բնական է այս բնութագրումը, մանաւանդ, երբ այցելուն իր դիմաց կը տեսնէ խրոխտ ու հպարտ տարեց զոյգ մը՝ արցախցի ամուսինների` ուս-ուսի, հպարտ հայեացքով եւ վրիժառու կեցուածքով։ Անոնց մարմինը մխրճուած է Արցախի հողին մէջ:
Կարդացեք նաև
Եւ յանկարծ… Ատրպէյճանի պետական մշակութային հիմնարկը զայն կ՛անուանէ ատրպէյճանական արուեստի գործ մը, որ իբր թէ կառուցուած է Խանքենդի (Ստեփանակերտի ազերիական անուանումը) քաղաքին մէջ, 1967 թուականին, իբր թէ ցայտուն օրինակ Ատրպէյճանի բազմամշակութային եւ ազգային-կրօնական հանդուրժողականութեան։ Եւ իբրեւ ապացոյց, ազերիներ հաւաքուած են կոթողին շուրջ եւ ուրախ-զուարթ կը պարեն, մէկն ալ կը բարբաջէ. Արցախը Ատրպէյճանի կը պատկանի…
Ապատեղեկատուութիւնը յայտնապէս յօրինուած ու տարածուած է համբակներու կողմէ. այս մշակութային հիմնարկը մինչեւ իսկ «խապար» չունի, թէ այս գործին մէկ փոքրատիպը իբրեւ հայկական յուշարձան ներկայացուած է Իտալիոյ մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի մը եւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է։
Ատրպէյճանի մշակոյթի պաշտպան այդ հիմնարկը վստա՛հաբար քաջատեղեակ է, որ այդ կոթողական գործին հեղինակն է Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, պետական մրցանակի դափնեկիր եւ հանրահռչակ քանդակագործ Սարգիս Պաղտասարեան։ Ճարտարապետն է Եուրի Յակոբեան, իսկ «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» անունակոչումն ալ կատարած է Բագրատ Ուլուպապեանը, որ այդ օրերուն սերտօրէն գործակցելով եւ խորհրդակցելով Արցախի մարզային խորհուրդի նախագահ Մուշեղ Օհանջանեանի հետ, որոշած է Ստեփանակերտի մօտակայ բլրակին վրայ կանգնեցնել այդ «զոյգ»-ը։
Եւ… ջարդը, մշակութայի՛ն ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի։
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: