Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Իսրայէլեան հեղինակաւոր օրաթերթին յօդուածին մէջ հրատապ կոչ կ՛ուղղուի՝ Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասը պաշտպանելու. «Ասպարեզ»

Օգոստոս 28,2024 11:19

Իսրայէլեան The Jerusalem Post հեղինակաւոր օրաթերթին մէջ 27 Օգոստոսին լոյս տեսաւ ուշագրաւ յօդուած մը՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դիմագրաւած հարցերուն մասին։ Նատաւ Թամիրի ստորագրութեամբ յօդուածին մէջ հրատապ կոչ կ՛ուղղուի՝ Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասը պաշտպանելու։

Հեղինակը յօդուածի մուտքին կը յիշեցնէ, որ Երուսաղէմը համաշխարհային բնոյթով մշակութային կեդրոն մըն է եւ անոր յատկութիւնը միաստուածեան երեք կրօններու օրրանը ըլլալն է։ Երուսաղէմի ուժին եւ իւրայատկութեան, նաեւ ներուժին յարատեւութիւնը կախեալ անոր միջկրօնական եւ մշակութային ինքնութեան տեւականացումէն, կը շեշտէ յօդուածագիրը, որ կը ներկայացնէ նաեւ պատմական համայնապատկեր մը, որ կը մատնանշէ, թէ հայոց ներկայութիւնը Երուսաղէմի մէջ կը հասնի մինչեւ 4րդ դար, իսկ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը կը գործէ 7րդ դարէն ի վեր։ Յօդուածագիրը կը շեշտէ, որ այս փառաշուք պատմութիւնը բաւարար չէ, որ փոքրաթիւ հայ համայնքը կարենայ յաղթահարել Հայկական թաղամասը ձեռք ձգելու ծայրայեղ աջակողմեաններու յաւակնութիւնը։

Կը շեշտուի է նաեւ, որ սաղիմահայութիւնը քաղաքի ամէնէն փոքրաթիւ եւ ամէնէն անպաշտպան հաւաքականութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ։ Հազիւ 2 հազար հոգի կը հաշուէ այս հաւաքականութիւնը, իսկ անոր կալուածներուն տիրանալու՝ օտարներու ջանքերը պատճառ կը դառնան դժուարութիւններու եւ սադրանքներու։

Յօդուածագիրը կը բացատրէ, որ Եաֆայի դուռէն դէպի Հրէական թաղամասը ուղղութեան վրայ՝ Հայկական թաղամասը ունի բաւական նախանձելի դիրք մը։

Յօդուածին հեղինակը ապա կը նկարագրէ Երուսաղէմի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածին հիմնահարցը, որ կը տագնապեցնէ փոքրաթիւ սաղիմահայութիւնը։ Ան կը շեշտէ, որ տարածքը վարձել փորձած ընկերութիւնը եւ անոր սեփականատէրը կապ ունեցած են ծայրայեղ աջակողմեան շրջանակներու եւ անոնց հանրային կազմակերպութիւններուն հետ։ Անոնք հանդիպումներ ունեցած են «Աթերէթ Քոհանին»ի նախագահ Մաթի Տանի հետ, որ Երուսաղէմի արեւելքի թաղամասերու սիրտին վրայ հրեայ բնակչութեան կազմակերպման ջանքերու ախոյեան է։

Յօդուածագիրը կը բացատրէ, որ «Կովերու պարտէզ»ը Երուսաղէմի Հին քաղաքի վերջին ազատ տարածքը կը հանդիսանայ։ Ան շատ լաւ կ՛ամփոփէ «Կովերու պարտէզ»ի տագնապին բոլոր փուլերը եւ կը նշէ, որ վարձակալութեան գործարքին բոլոր նախապատրաստութիւնները առաջնորդուած են Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան կողմէ։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031