Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 34-րդ տարեդարձին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ուղերձը ականուած բաժին ունի: Ան խօսելէ ետք Հռչակագիր-Սահմանադրութիւն յղումնային կապին մասին, կը յայտնէ, որ չի նշանակեր, որ Անկախութեան հռչակագիրին ամբողջ բովանդակութիւնը ներառուած է Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ, եւ այս երկու փաստաթուղթերու բովանդակութիւնը նոյնական են:
Նուրբ ձեւով այստեղ ըսել կ՛ուզուի, որ երկու փաստաթուղթերու բովանդակութիւնը ոչ միայն նոյնը չեն, այլ լուռ ձեւով կը փոխանցուի, որ կրնան նոյնիսկ հակասական ըլլալ:
Այս տեսութիւնը հիմնաւորելու համար կը դիմուի օրինակի: Օրինակը Հռչակագիրի 5-րդ յօդուածն է, ուր կ՛ըսուի, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անվտանգութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը ապահովելու նպատակով կը ստեղծէ Գերագոյն խորհուրդին ենթակայ սեփական զինուած ուժեր, ներքին զօրքեր, պետական եւ հասարակական անվտանգութեան մարմիններ:
Այս օրինակով իբրեւ թէ կը փաստարկուի, որ Անկախութեան հռչակագիրին ամրագրած հիմնադրոյթները եւ գետնի վրայ արձանագրուող իրողութիւնը տարբեր են: Զինեալ ուժերը խորհրդարանին չեն ենթարկուիր, այլ կառավարութեան եւ անկէ առաջ` նախագահին: Ըստ էութեան, հիմա, մէկ անձի:
Անկախութեան հռչակագիրի 5-րդ յօդուածի գործնական վերափոխումը աւելի ուշադիր ընթերցումով զինուած ուժերու վերահսկիչ օղակի մասին է: Այս յօդուածը պարզապէս օգտագործուած է ընդգծելու համար, որ Սահմանադրութիւնը կրնայ հակասել Անկախութեան հռչակագիրին:
Բուն թիրախը Հռչակագիրին միւս կէտերն են: Լուռ ձեւով ըսել կ՛ուզուի, որ թիրախաւորուած կէտերու առումով Անկախութեան հռչակագիրն ու գործող Սահմանադրութիւնը հակասական են. եւ որովհետեւ Անկախութեան հռչակագիրը չեղեալ նկատել կարելի չէ, կամ փոփոխութեան ենթարկել, ուրեմն պէտք է Սահմանադրութենէն դուրս բերել յղումը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: