Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հակահայ ընթացք մը առած է Թաշկենտի այս գիտաժողովը, զանազան դասախօսներ ներկայացուցած են ճշդուած նիւթեր. «Հայրենիք»

Օգոստոս 23,2024 10:53

«Արեւմտեան Ատրպէյճան» թուրք-ազերիական յանկերգը արդէն անցած է մեր թշնամի դրացիներուն սահմաններէն անդին, մտած է միջազգային բեմ, հասած է Կեդրոնական Ասիա: Փաստօրէն, քանի մը օր առաջ, Օգոստոսի կիսուն, Իւզպեքիստանի մայրաքաղաքին՝ Թաշկենտի մէջ կազմակերպուեցաւ ուղղակիօրէն այս նիւթը արծարծող՝ «Վերադարձ դէպի արեւմտեան Ատրպէյճան եւ թրքական աշխարհ» խորագրեալ գիտաժողով մը։

Կազմակերպող հիմնարկը, Թաշկենտի «ատրպէյճանա-թրքական տուն»-ն էր։ Նմանօրինակ «տուն»-եր սկսած են բուսնիլ հոս-հոն, մեկնակէտ ունենալով թրքալեզու երկիրներու ժողովները, որոնք համաթուրանականութեան մէկ այլ լծակն են։
Յստակ է, թէ նման հաւաք համաթուրանական ինչպիսի՜ մտահոգութիւններով եւ հեռանկարներով կը կազմակերպուի Իւզպեքիստանի մայրաքաղաքին մէջ։
Լաւապէս ուսումնասիրուած յայտարարութիւն մը հրատարակուած է, բացատրելով, թէ այս գիտաժողովին նպատակն է համատարած իրազեկութիւն յառաջացնել՝ Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ թրքախօս ազգաբնակչութիւններու դէմ գործուած ցեղային զտումներու պատմութեան մասին, այդ դէպքերը արծարծելն ու մեկնաբանելն է։

Ամբողջովին հակահայ ընթացք մը առած է այս գիտաժողովը, ուր զանազան դասախօսներ ներկայացուցած են ճշդուած նիւթեր, որոնց կիզակէտը եղած է «թրքախօս ազգաբնակչութիւններու դէմ ցեղային զտումները»։ Բնականաբար առաջատար մեղաւորը մենք՝ հայորդիներս նկատուած ենք։

Նմանօրինակ «միաձայն» գիտաժողովներ կրնան մոլորեցնել դէտեր: Ուշագրաւ է, որ անտառին միայն (թուրք) արջին եւ իր գոթոթներուն իրաւասութիւն տրուած է մուտք գործել անտառ եւ սնանիլ, աւելի ճիշդը՝ յափշտակել ու կուլ տալ․․․

Գիտաժողովը մինչեւ իսկ բանաձեւ մը որդեգրած է, պարսաւանք արձակելով, թէ քսաներորդ դարու սկիզները, «հայ ազգայնականներ» վայրագութիւններ գործած են. անոնց նպատակն ու կիզակէտը եղած է ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան, այսինքն՝ «նախկին Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի տարածքին թուրքերը ցեղային զտումի ենթարկել: Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ «միաւորելու թրքական ջանքերը՝ պայքարելու համար հայկական ազգայնականութեան եւ թրքատեացութեան դէմ»: ․․․Եւ տեսէք թէ ո՜վ է ատելութեան մասին խօսողը:
Մասնակցողներուն անուններուն ցանկագրումը անտեղի է, իսկ թէ ամէն մէկ բանախօս ինչի՞ մասին արտայայտուած է՝ այդ ալ բացարձակապէս կարեւոր չէ, երբ յստակ է, որ գերագոյն նպատակը՝ հակահայ գրգռութիւններ ստեղծելն է սուտ ու կեղծ «գիւտերով»։

Խմբագրական

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031