ՔՈՓ29-ին ընդառաջ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբը շուրջ 40 մասնակից երկրի դեսպանութիւններուն ուղարկեց նամակներ, թէ ինչո՛ւ Ազրպէյճանը ոչ միայն բարոյական, այլ նաեւ իրաւական առումով նման համաժողով հիւրընկալելու կարգավիճակ պէտք չէ ստանայ:
Յուշագիրի բնոյթ ունեցող այդ գրաւոր փաստաթուղթը կը փաստէ, որ Պաքուն իր վարած քաղաքականութեամբ չի կրնար մարդու իրաւունքներու եւ երկրագունդի կենսոլորտի հետ կապուած խնդիրներ քննարկող քաղաք նկատուիլ: Այդ արգելքները այնքան բացայայտ են, որ համաձայնութիւն տուող երկիրներէն շատեր նո՛յն հարցերով բողոքած են եւ նոյնիսկ պատժամիջոցներու առաջարկներ կատարած:
Հայկական ընկալումով Ազրպէյճանը ռազմական յանցագործութիւններ կատարած, ցեղային զտումներով յատկանշուող ցեղասպանութիւն իրականացուցած, շրջափակումով սովամահութիւն ծրագրած ու գործադրած եւ ամբողջ ազգաբնակչութիւն մը իր բնօրրանէն պարպած ահաբեկչական պետութիւն է, որ կը շարունակէ խախտել միջազգային օրէնքի բոլոր իրաւաչափութիւնները:
Հայ դատի համակարգը կը նախապատրաստէր միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտումներ կատարած Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը փաստագրող յատուկ թղթածրար` ներկայացնելու մասնակից պետութիւններուն:
Արձանագրենք, որ ՔՈՓ29-ի Պաքուի մէջ կայացման դէմ բողոքի գործողութիւնները միայն հայկական կեդրոններէ չեն բխիր: Փենթակոնի նախկին պաշտօնատարներէ մինչեւ Փարիզի քաղաքապետ, անցնելով կենսոլորտի եւ մարդկային իրաւանց շարժումներու գործիչներ, բոլորը անխտիր կը շեշտեն Ազրպէյճանին եւ կենսոլորտի համաշխարհային հարթակի անհամատեղելիութիւնը: Կ՛ընդգծեն, որ մարդու իրաւունքներու ամէնէն կոպիտ խախտումներ արձանագրած պետութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազրպէյճանը, որ նաեւ ամէնէն հակակենսոլորտային երկիրն է:
Պարզ է սակայն, որ խնդիրը ոչ թէ կենսոլորտային է, այլ քաղաքական: Այլապէս, Ազրպէյճանը թէ՛ մարդու իրաւունքները ոտնահարած, թէ՛ ցեղային զտում իրականացուցած եւ թէ՛ կենսոլորտը ապականելու մեղադրանքներով քննադատած պետութիւնները մինչեւ իրենց մասնակցութեան համաձայնութիւն տալը պէտք էր, որ վերապահումներով հանդէս եկած ըլլային եւ ընդդիմանային Պաքուի մէջ կայանալու որոշումին:
Այս առումով սակայն թոյլ կէտ ունի հայկական կողմը: Իր թեկնածութիւնը յետս կոչելով Երեւանը անուղղակի իր համաձայնութիւնը տուած եղաւ, որպէսզի Ազրպէյճանը հիւրընկալէ համաշխարհային ժողովը: Այս համաձայնութիւնը մեկնաբանուեցաւ գերիներու ազատ արձակման որոշումին դիմաց կատարուած զիջումով:
Եւ որովհետեւ խնդիրը զուտ քաղաքական է, պէտք է փորձել նախատեսել, թէ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը կենսոլորտային ի՛նչ խնդիր պիտի բարձրացնէ Հայաստանի դէմ: Պարզ է պատասխանը: Անգարան եւ Պաքուն ամէն տեսակ պատճառ պիտի բերեն համոզելու համար համաժողովը, որ Հայաստանի աթոմակայանը սպառնալիք է տարածաշրջանին համար:
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: