Ուսումնական նոր տարեշրջանի սեմին, Հայոց պատմութեան (կամ «Հայաստանի պատմութեան») դասագիրքը դարձեալ տագնապ ստեղծած է մեր հայրենիքին մէջ, ինչպէս եղած էր մօտաւորապէս տարի մը առաջ:
Եւ յանկարծ… կարմիր լոյս մը վառեցաւ Մոսկուայէն: Ռուսերը անճիշդ նկատեցին գործածուած բառ մը, այն՝ որ ռուսերու դէպի Կովկաս տարածման օրերուն, 1828-ին, Հայաստանը «բռնակցուած է» ռուսական կայսրութեան: Սա զուգադիպեցաւ այն պահուն, երբ Հայաստան նոր դեսպան մը կը ղրկէ Ռուսիա (անոր հակառուսի «դուխ»-ն ալ՝ ուրիշ հարց): Եւ ի՞նչ պատահեցաւ: Երեւանէն ձայն մը հնչեց, թէ՝ դասագիրքը պիտի վերախմբագրուի: Տակաւին յայտնի չէ, թէ վերախմբագրումը միայն յիշեալ եզրո՞վ պիտի սահմանափակուի, թէ միւս այլանդակութիւններն ալ պիտի սրբագրուին:
Գերիշխան, ուրիշի կամքին ենթակայ չըլլալու յոխորտանքները առաջին անգամը չէ, որ «ասֆալթին կը փռուին» արտաքին հրահանգներու ազդեցութեան տակ:
Դուրսէն եկող «հրահանգներու» ցանկը երկար է. ցանկին վրայ են Իրանէն խզումը, արեւմտեան եւ այլ հաշիւներու պատանդ դառնալը, սեփական հողի վրայ օտար պաշտօնեաներու գործի լծումը: Վերջերս, իշխանախումբը ուրիշ այլանդակութիւն մը, ինքնահակասում մը հրապարակ նետած է… ինքնակամ կերպով. Փաշինեան կը պահանջէ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան սահմաններուն վրայ զինադուլին հսկող միացեալ խումբեր կազմուին: Ալիեւ մինչեւ իսկ ձանձրոյթը չի կրեր ծաղրելու. «Նէ՞ օլտը եւրոպացի դիտորդներուն»:
Կարդացեք նաև
Հայաստանի փաշինեանապաշտ հպա՜րտ քաղաքացիները (որոնք իրենց «հարազատները» ունին Սփիւռքի մէջ) կրնան իրենց ճակատը աւելի՛ բարձր պահել: Հպարտութեան պատճառներուն շարքին են «ընտրեալ վարչապետ» ունենալը, գերիշխանութեան «անհպելի» հռչակումը, քիչ մըն ալ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» ըլլալը (չշարունակենք): Անոնք արդեօք լսեցի՞ն ու տեսա՞ն, թէ դուրսէն եկած ազդանշան մը աւելի՛ ազդու է, քան բանիմաց հայերու՝ պատմագէտներու եւ աշխարհագրագէտներու յորդորներն ու ինքնասրբագրումի պահանջները:
Արցախի սարքովի կորուստին, Հայաստանէն պատառիկներու յանձնումին եւ նորերու «զոհաբերման» պատրաստութեան այս փաստերը եթէ բաւարար հնչեղութիւն չունին, թէ՝ մեր հայրենիքը կորուստէ կորուստ կը վազէ ՆԻՒԹԱՊԷՍ – անշուշտ առանց մոռնալու հազարաւոր նահատակները, որոնք զոհ տրուեցան, հակառակ անոր, որ Փաշինեան 2018-ին իսկ գիտէ՜ր, որ «Արցախը Ատրպէյճանի կը պատկանի») -, մեր անկախ պետութեան գերիշխանութեան հասնող այս ու յառաջիկայ հարուածները ի՞նչ խորութեան ու սաստկութեան պէտք է հասնին, որպէսզի «ազգընտիր վարչապետ»-ին համակիրները տեսնեն ու հասկնան, որ այս վարչախումբին հեռացումը անյետաձգելի հրամայական է, ուրեմն, պէտք է միանան ընդդիմադիրներուն, որոնք այլապէս պէտք չունին սպասելու սեպտեմբերեան ժամադրութիւններու:
Հայաստանի գլխավերեւին կախուած «Դամոկլեան սուր»-ին թելը կը մաշի, կ’այրի՜ օր աւուր. Հայաստան չի կանգնիր այլապէս բնական համարուող իշխանափոխութեան մը հրամայականին դիմաց: Մեր երկրին շուրջ եւ աւելի հեռուները՝ պատերազմի թմբուկները օր աւուր աւելի՛ ուժգին կը հնչեն, թշմանիներուն ռազմափորձերը եւ զանոնք հովանաւորողներուն խաղերը աւելի ու աւելի՛ սպառնական կը դառնան, իսկ այս բոլորը մինչեւ իսկ ջուրի ձայն չեն իշխանախումբին ականջին, որովհետեւ անոր պետն ու «ուսապարկերը» հրապարակ նետած են նոր նշանախօսք մը՝ «կեցցէ՛ հեծանիւը»: Զանոնք իրենց այդքա՜ն սիրած հեծանիւներուն վրայ նստեցուցած՝ պէտք է անյապաղ հասցնել արգելարան ու դատարան, միաժամանակ յստակ ուղեցոյց մը կազմելով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ետդարձ կատարել մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին մեր կրած վնասներուն:
Ահաւոր կերպով դժուար բան կայ մեր առջեւ, սակայն անկարելի բառը ընդունելի չէ: ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ (որ նաեւ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ՛ պատմութիւնն է) վկայ է, որ մի՛շտ ալ յաջողած ենք անկարելին կարելի դարձնել, գործնապէս ցոյց տուած ենք, որ «նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: