Լրահոս
Օրվա լրահոսը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ձեռնարկած է կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի 29-րդ խորհրդաժողովի` ՔՈՓ29-ի հարցով արշաւ մը

Օգոստոս 17,2024 16:51

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ձեռնարկած է կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի 29-րդ խորհրդաժողովի` ՔՈՓ29-ի հարցով արշաւ մը, որուն ծիրին մէջ նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Սպանիոյ, Չինաստանի, Եւրոպական Միութեան, Իտալիոյ, Զուիցերիոյ, Նետերլանտներու, Յունաստանի, Դանիոյ, Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Պուլկարիոյ, Ճափոնի, Շուէտի, Ուրուկուէյի, Չիլիի, Արժանթինի, Քանատայի, Քուէյթի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Մալեզիոյ դեսպաններուն:

Հայ դատի մարմինը դեսպաններուն ուշադրութեան յանձնեց, որ կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի 29-րդ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Ազրպէյճանի մէջ, «երկրի մը մէջ, որ տակաւին վերջերս ցեղային զտում գործեց Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ: Ազրպէյճանը սովի մատնելու, ռմբակոծման, չհրահրուած յարձակում եւ վախի մթնոլորտի տարածման ճամբով ցեղասպանական արշաւ վարած է»:

«(…)Հայ պատանդներու եւ պատերազմական գերիներու Պաքուի բանտերուն մէջ պահուիլը ուժեղ զգուշացում մըն է անոնց, որոնք կը մտածեն կիրարկել միջազգային օրէնքին մէջ ամրագրուած վերադարձի իրենց իրաւունքը:

«Ուստի Ազրպէյճանի կողմէ նոյեմբերի ձեռնարկին «Խաղաղութեան ՔՈՓ» պիտակաւորումը առնուազն զզուելի է եւ ցնցիչ, որովհետեւ կը նպատակադրէ ջատագովել նախայարձակումի եւ ցեղասպանութեան ճամբով խաղաղութեան հասնելու գաղափարը:

«Այդ իրողութիւնը առանձին բաւարար պատճառ պէտք է ըլլայ այդպիսի ձեռնարկի մը մասնակցելու նկատմամբ լուրջ վերապահութիւն ունենալու համար, սակայն միակ պատճառը չէ, որովհետեւ գոյութիւն ունին Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ողբալի կացութիւնն ու Ազրպէյճանի ուժանիւթային քաղաքականութեան առնչուած խնդիրներ, որոնք համաշխարհային կենսոլորտին վնասակար են եւ կը հակասեն ձեռնարկի ամբողջ նպատակին», գրեց Հայ դատի մարմինը:

Հայ դատի մարմինը վերադառնալով Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատանդներու հարցին նշեց, որ անոնց ու քաղաքական բանտարկեալներու առանց նախապայմանի ազատ արձակումը դէպի արդարութիւն տանող միակ կենսունակ ուղին է:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակը եզրափակելով նշեց. «Մեր ակնկալութիւնն է, որ

ա-Ձեր կառավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ իր մասնակցութիւնը կեղծ վեհաժողովի մը երկրի մը մէջ, որ կենսոլորտի փոփոխութեան դէմ պայքարին մէջ հակադիր կողմին վրայ է եւ այդ փոփոխութեան ուժեղ կերպով սատարողներէն մէկը. խորհրդաժողովի մը, որ իսկութեան մէջ կը նպատակադրէ թաքցնել արատները ցեղասպանագործ բռնատիրութեան մը եւ զայն ողջունելու իբրեւ խաղաղութեան ջատագով մը, եւ կամ

բ-Այդ առիթը պիտի օգտագործէ մարդու իրաւունքներու վերոնշեալ հարցերը արծարծելու համար»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յառաջիկայ օրերուն ընթացքին պիտի շարունակէ այս նամակը Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած մնացեալ դեսպաններուն յղելու աշխատանքը:

ՀՅԴ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031