Հետաքրքրական ու ուշագրաւ էր Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան լոյս ընծայած մէկ գրառումը, թէ՝ Հայաստան կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի ղեկավարներու նախաձեռնութիւնը՝ վերսկսելու Կազայի մէջ զինադադարի շուրջ բանակցութիւնները, խորապէս գիտակցելով զինադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման կարեւորութիւնը, երբ վտանգուած են մարդկային կեանքերն ու երկրին խաղաղութիւնը։
Շատ լաւ հասկնալով Կազայի անմեղ բնակչութեան ողբերգական վիճակն ու դժնդակ կացութիւնը, հայորդիին համար նմանօրինակ յայտարարութիւն շատ աւելի ամբողջական պիտի ըլլար, եթէ գոնէ յիշատակում ըլլար նաեւ Պաքուի բանտերուն մնացող մեր գերիներու եւ պատանդներուն մասին:
Անտեղի ու անարդար պիտի ըլլայ այսինչ բանտարկեալը գերադասել այլ բանտարկեալի մը, սակայն պէտք է նշել, շեշտել, յիշել եւ վերստին յիշել, թէ անարդարօրէն պահուող բանտարկեալներու շարքին են Արցախի ղեկավարներէն ընտրանի մը։
Վերջերս, լաւատեղեակ աղբիւրներէ ստոյգ տեղեկութիւններ տարածուած են, որ յատկապէս Արցախի նախկին ղեկավարներ Բագօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի առողջական վիճակը սկսած է վատթարանալ։ Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդեօք տեղեա՞կ է անոնց վիճակին. անկասկած որ տեղեակ է, ուրեմն, Կազայի իրադարձութիւններուն մասին իր լոյս ընծայած յայտարարութիւնը օգտագործելով՝ չէ՞ր կրնար գէթ տող մըն ալ աւելցնել, որ Պաքուի մէջ ալ չեն յարգուիր մարդկային իրաւունքի ամենադոյզն պայմանները։
Թող ո՛չ ոք հարց դնէ, թէ ոչ մէկ կապ կայ Կազայի կացութեան եւ Պաքուի բանտարկեալներուն միջեւ։ Անշու՛շտ որ կարելի կապել, շաղախել եւ բողոք ներկայացնել, եւ ատիկա Հայաստանի Հանրապետութեան պարտականութիւնն է, ո՛չ Միացեալ Նահանգներու, ո՛չ Եգիպտոսի եւ ո՛չ ալ Քաթարի։
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: