Պահ մը այնպէս թուեցաւ, որ Իրան Հարաւային Կովկասի մէջ իր շրջանային քաղաքականութիւնը փոխելու միտումներ ունի եւ կը ջանայ ատրպէյճանամէտ ծրագրեր մշակել՝ պարզապէս որովհետեւ Իրանի նոր նախագահ Մասուտ Փերզեշքիան Ատրպատականէն էր եւ կը համարուէր ատրպէյճանախօս իրանցի մը։
Բաւական մելան հոսեցուցած այս ենթադրութիւնը սակայն հիմնովին ջրեցին եւ հերքեցին իրանցիները՝ բարձրագոյն մակարդակի վրայ կատարուած յայտարարութիւններով, որոնք կատարուեցան յատկապէս Իրանի հարաւային կովկասեան հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելու ունակութեան եւ անփոխարինելիութեան մասին, յատկապէս նշելով եւ շեշտելով Հայաստանի բաժնով Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական իրավիճակին անփոփոխելիութիւնը, որ կը համընկնի Իրանի շրջանային եւ միջազգային շահերուն։
Իրան առաջին հերթին կը ջանայ պահպանել Հայաստանի Սիւնիքի մարզին ներկայ իրավիճակը, որովհետեւ ատիկա կը բխի իր շահերէն, նկատի ունենալով, որ Սիւնիքի անցքը դէպի Իրան եւ անկէ դէպի Հայաստան կարեւոր ուղի մըն է Իրանի համար, որուն աշխարհաքաղաքական շահերը կը պահանջեն, որ Սիւնիքը մնայ հայկական։ Այս ծիրին մէջ Իրան չափազանց դժգոհ պիտի ըլլայ եւ իր ուժերուն ամբողջ կարողականութեամբ դէմ պիտի դնէ Մեղրիէն միջանցքի մը բացման եւ զայն Ատրպէյճանի գերիշխանութեան տակ դնելու ընտրանքին, որովհետեւ նման պարագայի առաջին տուժողը պիտի ըլլայ Իրանը, որ պիտի զրկուի ռազմավարական չափազանց կարեւոր ուղիէ մը։ Կայ նաեւ Իրանի սահմանին վրայ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւններու բջիջներուն գործունէութեան իրական վտանգը, մանաւանդ երբ նկատ ունենանք, որ Ատրպէյճան – Իսրայէլ մեղրալուսինը կը շարունակուի եւ իսրայէլացիք շատ գոհ պիտի մնան, եթէ Մեղրիի միջանցք մը ատրպէյճանցիներուն հսկողութեան տակ դրուի։
Ա.Ա.
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում